Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիապ Սալամէի Հետ Քննարկեց Երկրին Ելեւմտական Իրավիճակը

February 20, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն` ներկայութեամբ իր աւագ խորհրդականին` Խտըր Թալեպի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի ելեւմտական իրավիճակը:

Միւս կողմէ, առաւօտեան Տիապ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանին տրամադրուած նիւթական վարկին վերաբերող ծրագիրները, որոնցմէ հիմնականը` առաւել աղքատ ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութեան յատկացումներն ու այդ յատկացումները կատարելու գործիքակազմերը:

Այս շրջագիծին մէջ Տիապ անհրաժեշտ նկատեց, որ նիւթական օժանդակութեան յատկացումը կատարուի հիմնուելով բոլոր ընտանիքներուն պարագային միացեալ չափանիշներու եւ թափանցիկութեան վրայ:

«Քորոնա»-ի Շտապի Նիստ

Տիապ նախագահեց նաեւ «Քորոնա»-ի պետական շտապի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարի պաշտօնակատարներ Զէյնա Աքըր, Ռաուլ Նաամէ, Մոհամետ Ֆահմի, Իմատ Հուպալլա, Միշել Նաժժար, Ռամզի Մշարրաֆիէ, Համատ Հասան, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Շարպել Ուահպէ, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար, ինչպէս նաեւ Տիապի խորհրդականներ Խտըր Թալեպ եւ Փեթրա Խուրի:

Նիստէն ետք տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէ յայտնեց, որ գրեթէ շաբաթ մը ետք` երկուշաբթի, 1 մարտ 2021-ին բացումը պիտի կատարուի առեւտրական մարզին` աւելցնելով, որ իրենք պիտի ճշդեն առեւտրական այն հաստատութիւնները, որոնք պիտի վերսկսին աշխատանքի:

Նաամէ հաստատեց, որ այդ հաստատութիւնները պէտք է արտօնութիւններու յատուկ ե-հարթակին վրայ իրենց անունները արձանագրեն, որպէսզի անոնց պաշտօնեաները կարենան աշխատանքի ուղղուիլ` «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւնները կատարելէ ետք:

 

 

 

 

Նախորդը

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը Պատուաստ Ստանալու Արձանագրութեան Մղող Ազգային Արշաւի Մը Մեկնարկը Կատարեց

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ղաժարի Հետ Քննարկեց Փոթորիկին Պատճառով Վնասուած Ելեկտրական Թելերու Նորոգութիւններուն Կապուած Հարցեր

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.