Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Նաժըմի Հետ Քննարկեց Իրաւական  Հաշուեքննութիւնը Արագացնելու Կարեւորութիւնը

Նախագահ Աուն Նաժըմի Հետ Քննարկեց Իրաւական Հաշուեքննութիւնը Արագացնելու Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարի Քլոտ Նաժըմը, որուն հետ քննարկեց իրաւական հաշուեքննութիւնը արագացնելու կարեւորութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով Կեդրոնական դրամատան կողմէ ելեւմուտքի նախարարութեան հարցադրումներուն տրուած պատասխանները: Միւս կողմէ, նախագահ Աունի ծննդեան 86-րդ տարեդարձին առիթով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կատարեց շնորհաւորական գրառում մը, որուն մէջ նշեց. «Արժանապատուութիւնը չի ծերանար,...

Հարիրի Հանդիպում Ունեցաւ Քաթարի Իշխանին Հետ

Հարիրի Հանդիպում Ունեցաւ Քաթարի Իշխանին Հետ

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին Քաթարի իշխանը հաստատեց Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ Քաթարի զօրակցութիւնը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն` Լիբանանի գերագոյն շահերը առաջնահերթ նկատելու եւ արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի կառավարութիւնը իր կարգին կարենայ...

«Ղասսան Սարգիս Խորհրդանիշ Մըն Է, Որուն Անուան  Եւ Պատմութեան Հիման Վրայ Դաստիարակուեցանք,  Եւ Կ՛աղօթենք Անոր Ապաքինման Համար»  Ըսաւ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան

«Ղասսան Սարգիս Խորհրդանիշ Մըն Է, Որուն Անուան Եւ Պատմութեան Հիման Վրայ Դաստիարակուեցանք, Եւ Կ՛աղօթենք Անոր Ապաքինման Համար» Ըսաւ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ պասքեթպոլի վաստակաւոր մարզիչ Ղասսան Սարգիսի քրոջ` Նատա Սարգիսի հետ, իմանալու համար Ղասսան Սարգիսի առողջութեան մասին, ինչպէս նաեւ ինքզինք զետեղելու անոր ընտանիքին տրամադրութեան տակ: «Քորոնա» ժահրով վարակուելէ ետք Ղասսան Սարգիս բուժուած էր Սեն Ժորժ հիւանդանոցին մէջ եւ վտանգը անցընելէ ետք փոխադրուած սովորական հիւանդասենեակ, սակայն անոր առողջութիւնը դարձեալ վատթարացած էր,...

Պըրրի Ֆահմիի Հետ Քննարկեց Մասնակի  Ընտրութիւններ Կատարելու Կարեւորութիւնը

Պըրրի Ֆահմիի Հետ Քննարկեց Մասնակի Ընտրութիւններ Կատարելու Կարեւորութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին Պըրրի քննարկեց մասնակի ընտրութիւններ կատարելու կարեւորութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ Ֆահմի խոստացաւ մինչեւ մարտի աւարտ պէտք եղած միջոցառումներուն դիմել: Նշենք, որ Պըրրի նախանցեալ գիշեր Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց տեղական ու շրջանային...

Տար Ֆաթուայի Մէջ .  «Սէուտական Արաբիա Պիտի Չլքէ  Լիբանանցի Եղբայր Ժողովուրդը»  Շեշտեց Պուխարի

Տար Ֆաթուայի Մէջ . «Սէուտական Արաբիա Պիտի Չլքէ Լիբանանցի Եղբայր Ժողովուրդը» Շեշտեց Պուխարի

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները: Տար Ֆաթուայէն մեկնումի պահուն Պուխարի մաղթեց, որ Լիբանան ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կարենայ շրջանցել իր տագնապը, ինչպէս նաեւ կարելի ըլլայ երկրին մէջ կայունութիւն վերահաստատել: «Սէուտական Արաբիա պիտի չլքէ լիբանանցի եղբայր ժողովուրդը եւ միշտ պիտի զօրակցի անոր հաստատութիւններուն», ընդգծեց Պուխարի: Հանդիպումին ընթացքին...

«Հըզպալլայի Նկատմամբ Մեր  Քաղաքականութիւնը Կը Մնայ Անփոփոխ»  Շեշտեց Ճերըլտին Կրիֆիթ

«Հըզպալլայի Նկատմամբ Մեր Քաղաքականութիւնը Կը Մնայ Անփոփոխ» Շեշտեց Ճերըլտին Կրիֆիթ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան միջինարեւելեան հարցերու բանբեր Ճերըլտին Կրիֆիթ յայտնեց, որ Հըզպալլա ահաբեկչական կազմակերպութիւն է, եւ անոր նկատմամբ ամերիկեան քաղաքականութիւնը կը մնայ անփոփոխ: «Ուաշինկթընի համար կարեւոր է, որ Լիբանանի մէջ կազմուելիք նոր կառավարութիւնը ըլլայ հզօր եւ կարողութիւններով օժտուած կառավարութիւն մը, որ կարենայ լիբանանցիներուն կարիքները գոհացնել, ինչպէս նաեւ պահանջուած բարեկարգումները գործադրել», ըսաւ Կրիֆիթ: Ան հաստատեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ...

Արսլան. «Իրաւական Հաշուեքննութիւնն  Ու Իսկական Բարեկարգումները  Անհրաժեշտ Քայլեր Են»

Արսլան. «Իրաւական Հաշուեքննութիւնն Ու Իսկական Բարեկարգումները Անհրաժեշտ Քայլեր Են»

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան նախագահեց կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ առողջապահական իրադարձութիւնները: Նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ նախանցեալ օրուան Խալտէի հանդիպումին կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա յառաջիկայ փուլին իսկական կողմնացոյցն է` ընդհանրապէս Լեռնալիբանանի եւ յատկապէս տիւրզի համայնքին համար: Նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ իրաւական հաշուեքննութիւնն ու իսկական բարեկարգումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան արտադրութիւնները քաջալերելը եւ տեղական...

Կանց. «Նասրալլա Լաւ Գիտէ, Որ Զինամթերքի  Պահեստանոցները Կը Վտանգեն  Քաղաքացիներուն Կեանքը»

Կանց. «Եթէ Ստիպուինք Հըզպալլայի Դէմ Պատերազմիլ, Լիբանան Պիտի Դողդղայ, Իսկ Հըզպալլա Ծանրօրէն Պիտի Վիրաւորուի»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց յայտնեց, որ եթէ Իսրայէլ ստիպուի Հըզպալլայի դէմ պատերազմիլ, ապա Լիբանան պիտի դողդղայ, իսկ Հըզպալլա սուղ պիտի վճարէ զինուորական բախումներուն գինը եւ ծանրօրէն պիտի վիրաւորուի: Կանց նկատել տուաւ, որ եթէ Իսրայէլ ստիպուի քանի մը ճակատի վրայ պատերազմիլ, բնականաբար դժուար պիտի ըլլայ անոր համար, սակայն Միջին Արեւելքի մէջ Իսրայէլ կը շարունակէ մնալ գերհզօր ուժ, եւ իբրեւ այդպիսին...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2730 վարակուածներ եւ մահացած  են 54 ուրիշներ: Առողջապահութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակը ցոյց տուաւ, որ առողջապահութեան մարզը ամբողջովին կարիքը ունի արմատական բարեկարգումի: Արաժի հաստատեց, որ պէտք է օժանդակել պետական հիւանդանոցներուն եւ վերջ տալ առողջապահական մարզին մէջ արձանագրուող մսխումին: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի...

«Լիբանանահայութիւնը Պիտի Ունենայ Իր Նախարարը,  Որ Իր Իրաւունքն Է Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք  Կուսակցութեան Չափաբաժինին Հետ Ոչ Մէկ Կապ Ունի»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Լիբանանահայութիւնը Պիտի Ունենայ Իր Նախարարը, Որ Իր Իրաւունքն Է Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Չափաբաժինին Հետ Ոչ Մէկ Կապ Ունի» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն, յատկապէս քաղաքական տագնապին եւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի արգելակումներուն: Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 16-ամեակին առիթով նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտասանած խօսքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ակնկալուած էր Սաատ Հարիրիի կողմէ, որ իր...

Սէյիտ Նասրալլա. «Կը Մերժենք «7-րդ Կէտ»-ի Հիման Վրայ  Միջազգային Որոշումի Մասին Որեւէ Խօսք,  Որ  Համազօր Է Պատերազմի Յայտարարութեան  Եւ Լիբանանի Բռնագրաւումին»

Սէյիտ Նասրալլա. «Կը Մերժենք «7-րդ Կէտ»-ի Հիման Վրայ Միջազգային Որոշումի Մասին Որեւէ Խօսք, Որ Համազօր Է Պատերազմի Յայտարարութեան Եւ Լիբանանի Բռնագրաւումին»

Դիմադրութեան հիմնադիր ղեկավարներու նահատակութեան նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ «7-րդ կէտ»-ին հիման վրայ միջազգային որոշումի մասին որեւէ խօսք մերժելի է եւ զարմանք կը պատճառէ, որովհետեւ անիկա համազօր է պատերազմի յայտարարութեան եւ օտար զինեալ ուժերու կողմէ Լիբանանի բռնագրաւումին: Ան շեշտեց, որ Հըզպալլա կը մերժէ...

Բագրատունի. «Կառավարութեան  Պիտի Մասնակցինք  Մեր Նախարարով` Համապատասխան  Կառավարութեան Թիւին»

«Լիբանանահայութիւնը Պիտի Ունենայ Իր Նախարարը, Որ Իր Իրաւունքն Է Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Չափաբաժինին Հետ Ոչ Մէկ Կապ Ունի» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն, յատկապէս քաղաքական տագնապին եւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Ան հաստատեց Լիբանանի կառավարութեան անյապաղ կազմութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ լիբանանահայութիւնը իր նախարարը պիտի ունենայ կառավարութեան մէջ, եւ երբ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը լրջանայ, այն պահուն ՀՅԴ Լիբանանի...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Հարիրիի Յայտարարութիւնները Լիբանանեան Ազգային Ուխտին Եւ Հաւասարակշռուած Քաղաքական Գործակցութեան Հետ Կը Հակադրուին»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի առցանց ընթացիկ նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ համախմբումը կոչ կ՛ուղղէ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիին` վերադառնալու Ազգային ուխտին եւ սահմանադրութեան ոգիին` կազմելու համար կառավարութիւնը, որուն լիբանանցիները կարիքը ունին, երկրին դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական եւ առողջապահական ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ: «Հարիրիի յայտարարութիւնները լիբանանեան Ազգային ուխտին եւ...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան. «Մեր Ջանքերը  Պիտի Շարունակենք Մարզական  Կեանքը Աւելի Արագ Վերսկսելու»

Վ. Օհանեան-Գէորգեան. «Մեր Ջանքերը Պիտի Շարունակենք Մարզական Կեանքը Աւելի Արագ Վերսկսելու»

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ շարունակեց մարզական ֆետերասիոններուն հետ իր խորհրդակցութիւնները` որոնելով այն միջոցները, որոնց համաձայն կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի մէջ մարզական կեանքը աւելի արագ վերսկսիլ: Վ. Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան մարզական միաւորի պատասխանատու Մոհամետ Օուէյտաթէն իմացաւ «Քորոնա»-ի պետական շտապի թեքնիք հարցերու յանձնախումբին հետ անոր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները, որոնց հիման վրայ յանձնախումբը համաձայն գտնուած է նախարարութեան պատրաստած ուսումնասիրութեան սկզբունքներուն:...

Խալտէի Հանդիպում. «Տիւրզի Համայնքի Ճշգրիտ  Ներկայացուցչութեան Իրաւունքին Տէր Պէտք Է Կանգնիլ»

Խալտէի Հանդիպում. «Տիւրզի Համայնքի Ճշգրիտ Ներկայացուցչութեան Իրաւունքին Տէր Պէտք Է Կանգնիլ»

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի նախագահութեամբ, երէկ Խալտէի մէջ տեղի ունեցաւ տիւրզի համայնքի ներկայացուցիչներու ընդարձակ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ, Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ, նախկին նախարարներ Մարուան Խէյրէտտին եւ Սալեհ Ղարիպ, շէյխ Նասրէտտին Ղարիպ, ինչպէս նաեւ տիւրզի համայնքի պատասխանատուներ եւ հոգեւորականներ: Հանդիպումէն ետք Սալեհ Ղարիպ կարդաց հանդիպումէն բխած պաշտօնական...

Զօր. Աուն Բանակայինները Քաջալերեց «Քորոնա»  Ժահրին Դէմ Պատուաստը Ստանալու

Զօր. Աուն Բանակայինները Քաջալերեց «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստը Ստանալու

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց Սպայից վարժարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Սպայից վարժարան յաճախող Ա. կարգի ուսանողներուն հետ` ներկայութեամբ Սպայից վարժարանի տնօրէնին եւ շարք մը սպաներու: Այս առիթով զօր. Աուն յայտնեց, որ տնտեսական կացութիւնը պատճառ դարձած է, որ քաղաքացիներուն շարքերէն կամաւորագրուողներուն արձանագրութիւնը կասեցուի, եւ այդ պատճառով ալ բանակի հրամանատարութիւնը կազմակերպած է մուտքի քննութիւններ, որոնց կրնան մասնակցիլ լիբանանեան...

«Կառավարութիւնը Կազմելու Համար Ամերիկեւիրանեան  Երկխօսութեան Սպասելը Ամօթալի Է»   Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

«Կառավարութիւնը Կազմելու Համար Ամերիկեւիրանեան Երկխօսութեան Սպասելը Ամօթալի Է» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ժեմայէլ շեշտեց անկախ եւ կարող կառավարութիւն մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի երկիրը կարենայ փրկել իր դիմագրաւած դժուարութիւններէն: Ան նշեց, որ կառավարութիւնը կազմելու համար ամերիկեւիրանեան երկխօսութեան սպասելը ամօթալի է: Ժեմայէլ նշեց, որ Լիբանան մեծ պայթումի մը...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը անցնող 24 ժամուան ընթացքին հասաւ 2723-ի, իսկ մահացածներունը` 55-ի: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Իքաթերինի Ֆոնթոլաքին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանաի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններուն վերաբերող հարցեր: ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ...

Պոկտանով Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ  Ունեցաւ Հարիրիի Եւ Ժոմպլաթի Հետ

Պոկտանով Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ Ունեցաւ Հարիրիի Եւ Ժոմպլաթի Հետ

Միջին Արեւելքի եւ ափրիկեան երկիրներուն մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական եւ ընկերային տագնապին վերաբերող հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ ընդգծուեցաւ Հարիրիի նախագահութեամբ Լիբանանի փրկութեան կառավարութեան անյապաղ կազմութեան կարեւորութիւնը: Քննարկուեցաւ նաեւ ռուսական իշխանութիւններուն կողմէ Լիբանանին օժանդակելու կարելիութիւնները, յատկապէս «Քորոնա» ժահրին...

«Կառավարութիւնը Աւելի Լուրջ Մօտեցում  Պէտք Է Ցուցաբերէ Լիբանանի Երիտասարդութիւնը  Եւ Մարմնակրթութիւնը Ներկայացնող  Այս Նախարարութեան Նկատմամբ»  Կ՛ըսէ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան

«Կառավարութիւնը Աւելի Լուրջ Մօտեցում Պէտք Է Ցուցաբերէ Լիբանանի Երիտասարդութիւնը Եւ Մարմնակրթութիւնը Ներկայացնող Այս Նախարարութեան Նկատմամբ» Կ՛ըսէ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան անցեալ շաբաթավերջին նախարարութեան գործունէութեան, պարզած ներկայ իրավիճակին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին հարցազրոյց մը ունեցաւ «Նահար ուեպ թի. վի.»-ի հետ: Հարցազրոյցին ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ նախարարութեան մէջ իր փորձառութիւնը իսկական առումով վեց ամսուան փորձառութիւն է` նկատի ունենալով կառավարութեան պաշտօնական իշխանութեան տեւողութիւնը: Ան հաստատեց, որ նախարարութեան ստանձնումէն ամիս մը ետք արդէն իսկ «Քորոնա» ժահրի...

Page 434 of 988 1 … 433 434 435 … 988

Արխիւներ