Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թարեք Պիթար Նշանակուեցաւ Արդարութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նաւահանգիստի Պայթումի Հետաքննութեան Պատասխանատու Դատաւոր

Փետրուար 20, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դրդապատճառները քողազերծելու նպատակով բացուած հետաքննութեան շրջագիծին մէջ, Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Ֆատի Սուուան երէկ երբ հասաւ իր գրասենեակը` իմացաւ, որ Քրէական գործերու վճռաբեկ ատեանը վերջ տուած է այդ թղթածրարին հետեւելու իր իրաւասութեան:

Կը նախատեսուի, որ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարի Քլոտ Նաժըմ նշանակէ նոր դատաւորը` Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի համաձայնութիւնը ստանալէ ետք, սակայն հիմնական հարցը այն է, թէ ո՞ր դատաւորը պիտի յանդգնի այդ թղթածրարին հետապնդումը ստանձնել:

Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ դատաւոր Սուհել Ապպուտի, եւ քննարկեց նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարը դատաւոր Ֆատի Սուուանի պատասխանատուութենէն հեռացնելու որոշումը, որուն լոյսին տակ որոշեց իր նիստերը բաց պահել` մինչեւ նոր դատաւորի նշանակումը:

Հակառակ անոր որ տակաւին յստակ չէ, թէ Պէյրոււթի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան թղթածրարը ո՛ր դատաւորին պիտի փոխանցուի, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զոհերուն հարազատները ընդվզած են ու այդ պատճառով երէկ կէսօրին շարունակեցին ուղղուիլ Պէյրութի Արդարութեան պալատ, ուր կատարեցին բողոքի նստացոյցը:

Աւելի ուշ ցուցարարները փակեցին Սամի Սոլհ մայրուղին:

Զոհերուն հարազատներուն անունով խօսք առաւ Իպրահիմ Հթայթ, որ յայտնեց, թէ նահատակներուն ընտանիքները ներկայացնողներէն պատուիրակութիւն մը մուտք գործած է Արդարութեան պալատ եւ հանդիպում ունեցած դատաւոր Սուհել Ապպուտի հետ:

Հթայթ յայտնեց, որ զոհերուն հարազատները պահանջած են ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նշանակել դատաւոր մը, որ ստանձնէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարը:

«Ապպուտ հաստատեց, որ նոր դատաւորին նշանակումը շատ արագ կերպով պիտի կատարուի` հաստատելով, որ ան պիտի ըլլայ պարկեշտ եւ անկողմնակալ դատաւոր մը, որ պիտի շարունակէ Սուուանի աշխատանքը այն տեղէն, ուր աւարտած է եւ ոչ թէ սկիզբէն», ըսաւ Հթայթ:

Ան աւելցուց, որ դատաւոր Ապպուտի մօտ շօշափած են լրջութիւն, սակայն անոր ըսած են, թէ զոհերուն ընտանիքները պիտի շարունակեն մնալ փողոցը եւ իրենց բոլողքի նստացոյցերով ճնշում բանեցնել:

Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին «Պէյրութ մատինաթի», «Մունթաշիրին», «Լիհաքքի», «Մատա», «Թահալոֆ ուաթանի» եւ այլ շարժումներ Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց միացան նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատներուն` խստիւ դատապարտելով Քրէական գործերու վճռաբեկ ատեանին կողմէ դատաւոր Սուուանէն այդ թղթածրարը առնելու որոշումը:

Անոնք հրկիզուած անիւներով փակեցին Արդարութեան պալատի փողոցը` երկու ուղղութիւններով:

Տեղեկատուական աղբիւրներու համաձայն, Մարի Քլոտ Նաժըմ Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդին առաջարկած էր դատաւոր Սամեր Եունեսի անունը, սակայն խորհուրդը մերժած է այդ անունը:

Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ նոր դատաւորին անուան շուրջ խորհրդակցութիւնները պիտի սկսին երկուշաբթի, 22 փետրուար 2021-ին:

Երեկոյեան ժամը 9:00-ին Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդը դատաւոր Թարեք Պիթարը նշանակեց Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու:

Նշենք, որ Պիթարի անունը Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդին փոխանցած էր նախարարի պաշտօնակատար Մարի Քլոտ Նաժըմ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ցաւ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը յանգեցաւ այն աւարտին, որուն մասին իրենք պատկերացուցած էին:

«Ոչ ոք կրնայ մեզի համոզել, թէ լիբանանեան հետաքննութիւնը կրնայ արդիւնքի յանգիլ: Հանրապետութեան նախագահէն եւ վարչապետի պաշտօնակատարէն կը պահանջեմ անմիջապէս ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կապուիլ եւ անկէ խնդրել, որ հետաքննութեան միջազգային խմբակ մը ուղարկէ Լիբանան` բացայայտելու համար նաւահանգիստի ոճիրին դրդապատճառները», հաստատեց ան:

Ժահժահ շեշտեց, որ իշխող ներկայ դասակարգին վրայ ոչ մէկ յոյս կայ եւ միակ լուծումը կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելն է:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին քաղաքականացումը յստակ է, իսկ անոր լուծումը միջազգային հետաքննութիւնն է, կամ ալ Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն անկախութեան վերականգնումը:

Նախկին նախարար Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ իրենք այս պատճառներով է, որ կը պահանջեն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին կապուած ճշմարտութիւնները բացայայտել` միջազգային հետաքննութեան խորհուրդի մը միջոցով:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ղաժարի Հետ Քննարկեց Փոթորիկին Պատճառով Վնասուած Ելեկտրական Թելերու Նորոգութիւններուն Կապուած Հարցեր

Յաջորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Եւ ԱՊԿ Ընդհանուր Քարտուղարը Շեշտած Են Ռազմագերիներու Հայրենադարձման Հրատապութիւնը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?