Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին Ֆահմի հաստատեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը գումակային բոլոր դասաւորումները պիտի կատարէ` մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպելու նպատակով:
Ֆահմի մաղթեց, որ նախքան երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը, կարելի ըլլայ նոր կառավարութիւնը կազմել, որպէսզի Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն հաստատուի:
Միւս կողմէ, Տըրիան ընդգծեց, որ ինք կը զօրակցի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն, արտերկրի լիբանանցի ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի վերջին դէպքերուն ընթացքին ձերբակալուածներու ընտանիքներուն:
Տըրիան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ պէտք է ըլլալ լաւատես` աւելցնելով, որ այդ հոլովոյթին մէջ գործակցութիւնը ազգային պարտականութիւն է:
Ան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող կողմերը կը միտին Լիբանանը յաւելեալ տագնապներու մատնել, երկիրը աւելի եւս քայքայել ու քանդել` իրականացնելով արտաքին նպատակներ:
Տըրիան կոչ ուղղեց, որ Լիբանանի ազատութեան եւ գերիշխանութեան յանձնառու մնացող կողմերը օժանդակեն, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել զայն, ինչպէս նաեւ արժանապատիւ կեանք ապահովել քաղաքացիին` նախքան ընկերային ու տնտեսական փլուզումը եւ երկրին դիմագրաւելիք արտակարգ քաոսը:



