Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-քուէյթեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ուեհպէ դրուատեց Քուէյթի որդեգրած կեցուածքները, որոնք միշտ կը զօրակցին Լիբանանին:
Իր կարգին, Քանայի յայտնեց, որ Քուէյթ պատրաստ է միշտ նեցուկ կանգնելու Լիբանանին եւ բոլոր պայմաններուն մէջ աջակցելու անոր:
Ուեհպէի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքան Չաքըլ, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Հանդիպումը եղաւ առիթ մը անդրադառնալու Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ երկու երկիրները յուզող միացեալ հարցերուն:



