Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Գուժեց ՀՄԸՄ-ական Ժաք Պոյաճեանի Մահը

February 22, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ գուժեց ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի վաստակաւոր պատասխանատուներէն Ժաք Պոյաճեանի մահը եւ այս գծով հետեւեալ գրառումը կատարեց Դիմատետրի իր էջին վրայ.

«Լիբանան այսօր կորսնցուց մեր մարզական վեհ դէմքերէն` վաստակաւոր Ժաք Պոյաճեանը, համեստ ու յարգալիր այն հմուտ մարզիկը, որ իր ներկայութիւնն ու դրոշմը ձգեց լիբանանեան, արաբական եւ ասիական պասքեթպոլի խաղերուն վրայ, միաժամանակ մեծ ու ազդեցիկ ժառանգութիւն ձգելով ՀՄԸՄ-ի մէջ` իր յառաջատար դերակատարութեամբ, իբրեւ օրինակ ծառայելով աստղերու փաղանգի մը:

Հանգի՛ստ ննջէ Ժաք Պոյաճեան»:

Շնորհաւորութիւններ`
Մայրիներու Տղոց Խումբին

Միւս կողմէ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան շնորհաւորեց պասքեթպոլի տղոց խումբի յաղթանակը` իր հետեւեալ գրառումով.

«Մեր ապրած այս դժուար օրերուն մարմնակրթութիւնը կը ցոլացնէ ժպիտը, եւ այս անգամ անիկա կու գայ պասքեթպոլի մարզէն: Շնորհաւորութիւններ Մայրիներու տղոց խումբի յաղթանակին` Պահրէյնի խումբին դէմ, Ասիական բաժակի մրցումներուն ընթացքին: Անոնց եւ մեզի կը մաղթենք նոր յաղթանակ` երկուշաբթի օր զանոնք դասելով առաջատար դիրքի վրայ:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեանի Ջանքերով`
15
Մարզաձեւերու Մրցումներու Վերսկսման Ժամկէտի Յառաջացում

Շնորհիւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի ջանքերուն, կարելի եղաւ յառաջացնել տասնհինգ տեսակ մարզաձեւերու մրցումներու վերսկսման ժամկէտը: Այս իմաստով, այս շաբաթասկիզբէն սկսեալ ընթացք կ՛առնէ նշեալ մարզաձեւերու գործունէութիւնը` բացառութեամբ հաւաքական մարզաձեւերէն: Այս գծով նշեալ մարզաձեւերու պատկան մարմինները պիտի հետեւին ու որդեգրեն առողջապահական կանխազգուշական միջոցառումները եւ որեւէ ձեռնարկի գծով նախապէս տեղեակ պահեն պաշտօնական հարթակի միջոցով: Նախարարութեան այս որոշումը արգասիքն էր անոր տարբեր բաժանմունքներուն կատարած հետեւողական, բծախնդիր ուսումնասիրութեան եւ ջանքերուն` գործակցաբար մարզական տարբեր ֆետերասիոններուն հետ:

 

 

Նախորդը

Հակառակ Կանխարգելիչ Պատուաստի Նոր Հոսքերուն. «Քորոնա» Համավարակը Կը Շարունակէ Զոհեր Խլել

Յաջորդը

Սպառնալով Սաստկացնել Իրենց Քայլերը` Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերու Սգակիրներու Մոմավառութիւն

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.