Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աքըր. «Ճիգ Պիտի Չխնայենք Բանակայիններուն Արժանապատիւ Կեանք Եւ Բժշկական Խնամք Ապահովելու Իմաստով»

Ապրիլ 12, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր շաբաթավերջին այցելեց Աքքարի մէջ գտնուող լիբանանեան բանակի զօրամասերը:

Աքըր իր շրջապտոյտը սկսաւ Ռաս Պաալպեքի բանակի սահմանապահներու Բ. զօրամասէն, ապա ուղղուեցաւ դէպի այլ զօրանոցներ, ուր ընդունուեցաւ զինուորական արարողակարգերով:

Իւրաքանչիւր զօրամասի մէջ Աքըր հանդիպումներ ունեցաւ ջոկատներու պետերուն հետ եւ լսեց անոնց բացատրութիւնները իրենց ջոկատներուն եւ զօրամասին դերակատարութեան, պարտականութիւններուն, զինուորական կարողութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական այս վատթար կացութեան ընթացքին անոնց կարիքներուն ու պահանջներուն մասին:

Աքըր ցաւ յայտնեց, որ ապրուստի պայմանները այս վիճակին հասած են եւ բանակայիններուն ամսական աշխատավարձերը 85 առ հարիւրով նուազած են` նկատի ունենալով լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկումը:

Ան հաստատեց, որ ինք կը հասկնայ, թէ այդ աշխատավարձը բաւարար չէ իրենց անձնական եւ ընտանեկան կարիքները հոգալու, ինչպէս նաեւ իրենց բնակարաններէն զօրանոցները փոխադրուելու:

Աքըր խոստացաւ ճիգ չխնայել` բանակայինին համար արժանապատիւ կեանքի մակարդակ մը ապահովելու համար` աւելցնելով, որ կարելին պիտի կատարէ նաեւ ապահովելու անոնց բժշկական խնամքը:

Աքըր կոչ ուղղեց զինուորներուն իրենց վստահուած պարտականութիւնները շարունակելու եւ իրենց ուղին խանգարող երեւոյթներով չտարուելու, որովհետեւ բանակը կը մնայ Լիբանանի գերիշխանութիւնը, ապահովական կայունութիւնն ու ժողովուրդին անվտանգութիւնը ապահովող միակ երաշխիքը:

Աքըր շեշտեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը իսրայէլեան յարձակումներուն դիմադրելու, ահաբեկչական ծրագիրները ձախողցնելու, ապօրինի անցքերը հակակշիռի տակ առնելու, մաքսանենգումն ու ահաբեկիչներուն Լիբանան մուտքը արգիլելու, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու գաղթակայաններուն պաշտպանութիւնը ապահովելու առումով: Ան բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին կազմ ու պատրաստ ըլլալու իրականութիւնը:

Աքըր ողջունեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնն ու արհեստավարժութիւնը, որ արձանագրուած էր Արսալի մէջ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան ընթացքին եւ յաղթանակ ապահոված Լիբանանին: «Լիբանանեան կարգ մը շրջաններուն մէջ լարուածութիւնները զսպելու իմաստով բանակին դերակատարութիւնը դրուատիքի արժանի է», ըսաւ Աքըր` աւելցնելով, որ բանակը պիտի շարունակէ ապահովական խախտումներուն դէմ կանգնիլ` պաշտպանելու համար լիբանանեան հասարակութեան անվտանգութիւնը:

Այս իմաստով ան բարձր գնահատեց ՏԱՀԵՇ-ի բջիջներուն դէմ տարուած պայքարը, ինչպէս նաեւ բանակին ներխուժումներն ու արդարութեան կողմէ պահանջուած յանցագործներուն ձերբակալութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին շարունակելու «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարը եւ նախազգուշութիւններով շարժելու:

Նշենք, որ Աքըր այցելեց նաեւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարք. «Այս Ժամանակաշրջանը Քաղաքական Պայքարի Համար Չէ, Այլ` Երկիրը Փրկելու Նպատակով Տարուող Միացեալ Աշխատանքի»

Յաջորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք. «Նշանակուած Վարչապետը Դիտմամբ Կ՛ուշացնէ Կառավարութեան Կազմութիւնը»

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?