Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Հաւանական Վտանգներուն Երկարաձգումն Ու Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերուն Արգելակումը Լիբանանի Թշնամիներուն Նպատակներն Են»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստին ընթացքին պլոքը հաստատեց, որ առանց կառավարութեան երկիրը ենթակայ պիտի մնայ վտանգներու, իսկ բարեկարգումներու գործադրութեան կարելիութիւնը պիտի վերանայ: Պլոքը ընդգծեց կառավարութեան անյապաղ կազմութեան կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ հաւանական վտանգներուն երկարաձգումն ու կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն արգելակումը Լիբանանի թշնամիներուն նպատակներն են: Պլոքը ընդգծեց, որ Լիբանան բարեկամ երկիրներուն ի գործ դրած...




















