Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 14, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1985 վարակուածներ եւ մահացած 35 ուրիշներ:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն ամէն ջանք ի գործ դնելու` վերադարձնելու համար Լիբանանի պետական գանձարկղէն իւրացուած գումարները:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց ելեւմտական հարցերու դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմը:

ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Ռատօ Քաթալան Մարտարի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու արձանագրուելիք հաւանական զարգացումները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի 13 ապրիլի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին 46-ամեակին առիթով զգուշացուց նման պատերազմի մը կրկնութենէն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ 13 ապրիլը յիշատակ չէ, այլ` շարունակուող դասալքութիւն եւ գործակալի դերակատարութիւն: «Հետեւաբար պատերազմի իշխաններն են դաւաճաններն ու գործակալները», ըսաւ ան:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի կոչ ուղղեց ընթացիկ հարցերու կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ պետական ամավարկը վաւերացնել եւ երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւնները կայացնել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամի Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ արտաքին ուժեր կը մղեն, որ Լիբանանի մէջ արիւնահեղութիւն արձանագրուի` ընդգծելով, որ Լիբանանը պէտք է յանձնառու մնայ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութեան եւ չէզոքութեան սկզբունքին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն ցաւ յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտարարած չէզոքութեան կեցուածքը թիւրըմբռնումի արժանանայ: Ան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն վարժ է գեղեցիկ եւ հմայիչ  կարգախօսներ արտայայտելու մէջ` աւելցնելով, որ «Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում» կարգախօսը Լիբանանի պատմութեան մեծագոյն սուտն է: «Մտավախութիւնս այն է, որ ներկայ իշխանութիւնը առանց կառավարութեան շարունակէ, մինչեւ հանրապետութեան նախագահին վերջին օրը, Պաապտայի մէջ», ըսաւ Խազեն:

ՀՐԱԺԱՐԱԾ երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ յայտնեց, որ ինք քաղաքացիական այլ պատերազմի մը բռնկումին ցուցանիշները չի նշմարեր` աւելցնելով, որ եթէ չէզոք կեցուածքը չորդեգրուի, ապա երկիրը ենթակայ պիտի մնայ ապահովական բազմաթիւ վտանգներու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Մուսթաֆա Ալլուշ երէկ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը պէտք է ըլլայ առաջնահերթութիւն, որովհետեւ իրաւական հաշուեքննութեան որոշումները գործող եւ իսկական կառավարութեան կարիք ունին:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի արգելակումը լիբանանցիներուն դաւաճանելու համազօր է: Միւս կողմէ, Ամալ շարժումի քաղաքական խորհուրդին եւ Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդին միջեւ միացեալ հանդիպումի մը ընթացքին հաստատուեցաւ անյապաղ կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ յայտնեց, որ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ հաստատուած տեսախցիկներուն նպատակը Կապոյտ գիծին հսկել է եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ապահովութիւնը պաշտպանել:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը հաստատեն, որ կառավարութեան կազմութիւնն ու իրաւական հաշուեքննութիւնը իրարու հետ բացարձակապէս կապ չունին:

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Սամի Ժեմայէլ. «Քաղաքացիական Պատերազմով Սպառնացողին Եւ Մեր Պետութիւնը Իր Զէնքով Պատանդ Վերցնողին Կ՛ըսենք. Բա՛ւ Է»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.