Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաժժար, Աքըր Եւ Տիապ Վաւերացուցին Թիւ 6433 Հրամանագիրը

April 13, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար երէկ ստորագրեց լիբանանեան ջուրերու տնտեսական շրջանի սահմաններուն վերաբերող բարեփոխուած հրամանագիրը` ստուգելէ ետք լիբանանեան բանակին եւ ցամաքային ու ծովային փոխադրութեան ընդհանուր տնօրէնութեան պատրաստած տեղեկագիրն ու անոր կցուած քարտէսները:

Նշենք, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ժողով մը, որուն մասնակցեցան ցամաքային ու ծովային փոխադրութեան ընդհանուր տնօրէնութեան պատասխանատուներն ու լիբանանեան բանակի մէկ պատուիրակութիւնը:

Ժողովին ներկայ էին նաեւ այն բանակայինները, որոնք կը մասնակցին Նաքուրայի մէջ ընթացող սահմանագծումի բանակցութիւններուն:

Ժողովին ընթացքին տիրեց գործակցութեան մթնոլորտ:

Միշել Նաժժար մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ թիւ 6433 հրամանագիրը յղած է նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան` աւելցնելով, որ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ խոստացած է ստորագրել զայն:

Նաժժար ընդգծեց, որ իրենց վերապահութիւնը պարզապէս կը վերագրուի ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն ըլլալու իրականութեան, որովհետեւ իրենք յանձնառու կը մնան սահմանադրութեան:

«Չեմ գիտեր, թէ այդ թղթածրարը ինչպէ՛ս հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութեան վստահուեցաւ», ըսաւ Նաժժար` աւելցնելով, որ ծովային սահմանագծումը ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան իրաւասութիւններուն մաս կը կազմէ:

Նշենք, որ թիւ 6433 հրամանագիրը լիբանանեան բանակին կողմէ լիբանանեան ջուրերու տնտեսական շրջանի սահմաններուն վերաբերող բարեփոխուած տարբերակ մըն է, որուն մէջ աւելի ճշգրիտ կերպով ճշդուած են երկրին ծովային սահմանները:

Պէտք է ընդգծել, որ աւելի ուշ թիւ 6433 հրամանագիրը ստորագրեցին փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր եւ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ:

Տիապ հրամանագիրը յղեց հանրապետութեան նախագահին, որ իր կարգին արտակարգ վաւերացում պիտի շնորհէ հրամանագիրին:

Նախորդը

Լրագրողներուն Եւ Այլ Մարզերու Պաշտօնեաներուն Պատուաստումը Պիտի Սկսի Երկուշաբթի, 19 Ապրիլ 2021-ին

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մէջ Ազգային Միասնականութեան Յղացքին Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.