Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոչ Ոք Կ՛անդրադառնայ Կառավարութեան Կազմութեան Նիւթին, Իսկ Ամերիկեան Տոլարին Սակը Սկսած Է Դարձեալ Բարձրանալ

April 12, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ ամերիկեան տոլարին արժէքը սկսած է դարձեալ բարձրացում արձանագրել եւ աւելի եւս սարսափեցնել քաղաքացիները, կառավարութեան կազմութեան նիւթը շրջանառութեան մէջ անգամ չէ: Ոչ թէ քննարկումի կամ խորհրդակցութեան մակարդակի մասին է խօսքը, այլ պարզապէս կառավարութեան կազմութեան նիւթին անդրադառնալու կամ զայն շօշափելու մասին…

Երկրին մէջ տիրող այս ճշմարտութեան զուգահեռ, Միջազգային դրամական ֆոնտը երէկ հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի նոր կառավարութեան մը` գործադրելու համար բարեկարգումի ծրագիրը:

Միջազգային դրամական ֆոնտը ընդգծեց, որ Լիբանան կարիքը ունի հսկայական գումարներու` ֆինանսաւորելու համար իր տնտեսութիւնը, որուն աշխուժացումը ժամանակի պիտի կարօտի: «Սակայն առանց ելեւմտական եւ տնտեսական բարեկարգումներուն, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարին, ոչինչ կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել», նշեցին Միջազգային դրամական ֆոնտին պատասխանատուները:

Իր կարգին, Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու թղթածրարը կը մնայ տիրական` առանց դադրելու խնդրայարոյց թղթածրար մը ըլլալէ:

Այս առումով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ փտածներն են, որոնք իրաւական հաշուեքննութենէն կը վախնան, մինչդեռ պարկեշտներուն համար անիկա ուրախութիւն կը պատճառէ:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ յայտարարեց, որ ռամատանի առաջին օրը կը զուգադիպի երեքշաբթի, 13 ապրիլ 2021-ին: Այս առիթով ան լիբանանցիներուն յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները:

Իր խօսքը ուղղելով լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն` միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ պահանջուածը կառավարութեան կազմութեան դիւրացումն է եւ ոչ թէ արգելակումը կամ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ճամբուն վրայ խոչընդոտներու զետեղումը:

Միւֆթի Տըրիան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ սահմանադրական տագնապ չկայ, այլ` երկիրը փլուզումի զոհ դարձած է, ինչպէս նաեւ այս կամ այն առանցքին պատանդը:

Նշենք, որ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ միւֆթի Տըրիանի հետ եւ շնորհաւորութիւն յայտնեց անոր ռամատան ամսուան առիթով:

Ան մաղթեց, որ Լիբանան դուրս գայ իր դիմագրաւած խոր տագնապներէն, որպէսզի լիբանանցիներուն տառապանքը մեղմանայ եւ հետզհետէ աւարտի:

Տիապ նշեց, որ նոր կառավարութեան կազմութեան արձանագրած յապաղումը վտանգի կ՛ենթարկէ Լիբանանն ու լիբանանցիները:

Նախորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք. «Նշանակուած Վարչապետը Դիտմամբ Կ՛ուշացնէ Կառավարութեան Կազմութիւնը»

Յաջորդը

Լոս Անճելըսի Քաղաքապետը Պայտընին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.