Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ազատ Հոսանք. «Նշանակուած Վարչապետը Դիտմամբ Կ՛ուշացնէ Կառավարութեան Կազմութիւնը»

April 12, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը գումարեց իր ընթացիկ առցանց նիստը` նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

Նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ նշանակուած վարչապետը դիտմամբ կ՛ուշացնէ կառավարութեան կազմութիւնը: «Նշանակուած վարչապետը ձախողեցուց նաեւ ֆրանսական վերջին ճիգը: Ան պէտք է լուրջ եւ ամբողջական կազմ մը ներկայացնէ հանրապետութեան նախագահին, եւ այդ պարագային է, որ պիտի դրսեւորուին անոր իսկական միտումները, որոնք են կառավարութեան անդամներուն կէս առաւել մէկը ստանալ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելը յստակ ուղեգիծ մըն է` բացայայտելու տնտեսական ներկայ տագնապին իսկութիւնը: «Իսկ Կեդրոնական դրամատան կողմէ ելեւմուտքի նախարարութեան ուղարկուած փաստաթուղթերը դարձեալ պակասաւոր են, եւ Կեդրոնական դրամատունը ոչ մէկ թուական ճշդած է` իբրեւ իր կողմէ ցուցաբերուած յանձնառութիւն: Հետեւաբար ասիկա յապաղում է եւ իրաւական հաշուեքննութիւնը ձախողեցնելու փորձ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի դէմ արտայայտուած է, եւ անոր տուաւ հետեւեալ հարցը. «Դուն, որ 90-ականներուն մեղսակցած ես հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները հարուածելու հոլովոյթին, այսօր ի՞նչ մնացած է անկէ, որ հաշիւ պահանջես, յատկապէս նկատի ունենալով, որ քաղաքական գետնի վրայ 90-ականներու ընթացքին մէջ ես տակաւին եւ այդ իրաւասութիւնները զիջումի առաջնորդելու քայլերով կը զբաղիս, հակառակ Ազգային ազատ հոսանքին, որ կը փորձէ հաւասարակշռութիւնն ու Ազգային ուխտի ոգին վերականգնել»:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ընդգծեց, որ ինք կառչած կը մնայ Լիբանանին իրաւունքին` ցամաքային եւ ծովային սահմաններուն առնչութեամբ:

Մուսթաքպալ. «Իսկական Եւ Կեղծ Հանրապետութեան
Նախագահի Փորձը Պիտի Չկրկնուի»

Իր կարգին, Մուսթաքպալ հոսանքը հրապարակեց պատասխան հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը միշտ փաստեր կը ներկայացնէ, թէ ինք իշխող կուսակցութիւնն է եւ թէ կառավարութեան կազմութեան առումով հանրապետութեան նախագահին ստորագրութիւնը իր մօտ կը գտնուի:

«Օգտակար է, որ Ազգային ազատ հոսանքը իմանայ, թէ նշանակուած վարչապետը բոլորին վարչապետն է եւ ոչ թէ լիբանանցիներուն կէս առաւել մէկին կամ քառորդին: Անոնք, որոնք կը յայտարարեն, թէ վարչապետը կառավարութեան կէս առաւել մէկը կը պահանջէ, կը փափաքին ունենալ վարչապետ մը, որ խորհրդարանին կողմէ նշանակուած է` կառավարութիւն կազմելու, եւ վարչապետ մը, որ Ազգային ազատ հոսանքին կողմէ նշանակուած է` կառավարութեան աշխատանքը խանգարելու: Ամփոփելու համար, այս փորձը պիտի չարտօնենք: Իսկական եւ կեղծ հանրապետութեան նախագահի փորձը պիտի չկրկնուի», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

  • Լիբանանեան Ուժեր Կը Պատասխանեն

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը պատասխանեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հաղորդագրութեան` ընդգծելով, որ հանրապետութեան նախագահութեան իրաւասութիւնները հարուածողները անոնք են, որոնք սուրիական հոգատարութենէն ազատ մնացած շրջանները քանդեցին եւ անտեղի պատերազմներ բռնկեցուցին:

  • ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան այս պատասխանին հակադարձեց երկտողով մը, որուն մէջ հաստատեց, որ պատերազմի օրերուն ոճիրներ, իսկ խաղաղ օրերուն` քաղաքական սպանութիւն գործողը չի կրնար քաղաքական պարկեշտութեան դասեր տալ:

«Ո՛վ որ բարձր մակարդակի քաղաքական փտածութեան մէջ կը յայտնուի եւ հանգանակութեան մը գումարները ընտրական նպատակներու համար կ՛օգտագործէ, ինչպէս նաեւ շռայլօրէն կը մսխէ, ապա բարոյականութեան մասին չի կրնար խօսիլ: Ոճրագործը շատ տգեղ դուրս կու գայ, երբ բարոյականութիւն քարոզէ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

  • ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութիւնը դարձեալ պատասխանեց Ազգային ազատ հոսանքի երկրորդ հաղորդագրութեան` հաստատելով, որ պարզապէս Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան գոյութիւնը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ապագային սպառնացող վտանգ մըն է:

 

 

Նախորդը

Աքըր. «Ճիգ Պիտի Չխնայենք Բանակայիններուն Արժանապատիւ Կեանք Եւ Բժշկական Խնամք Ապահովելու Իմաստով»

Յաջորդը

Ոչ Ոք Կ՛անդրադառնայ Կառավարութեան Կազմութեան Նիւթին, Իսկ Ամերիկեան Տոլարին Սակը Սկսած Է Դարձեալ Բարձրանալ

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.