ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ ռամատանի առաջին օրը կը զուգադիպի վաղուան` չորեքշաբթի, 14 ապրիլ 2021-ին:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1008 վարակուածներ եւ մահացած 42 ուրիշներ:
ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի եւ մազութի թիթեղին սակը 300 լ. ոսկիով սղած է, իսկ 98 օքթանը` 400 լ. ոսկիով: Այսինքն` 95 օքթան պենզինի թիթեղը 38.700 լ. ոսկի է, 98 օքթանը` 39.900 լ. ոսկի, իսկ մազութինը` 26.400 լ. ոսկի:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր երէկ ընդունեց Պարէնի համաշխարհային կազմակերպութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց կազմակերպութեան ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ կազմակերպութեան միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները: Աքըր սերտեց Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութիւնները աւելցնելու կարելիութիւնները` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային տագնապն ու ապրուստի ծանր պայմանները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ ցաւ յայտնեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կեցուածքներուն գծով եւ կոչ ուղղեց իրաւական հաշուեքննութիւնը սկսելու ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութենէն:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան հաստատեց, որ Լիբանանը փրկելու համար անհրաժեշտ է կենդանի խիղճ ունենալ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւնները հետաքրքրուած են իրենց շահերով եւ կառավարութեան մէջ ունենալիք պաշտօններով, իսկ ժողովուրդը սուղ կը վճարէ իր գոյատեւման գինը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ կոչ ուղղեց բոլորին կառչած մնալու ֆրանսական նախաձեռնութեան, նախքան հայրենիքը կորսնցնելը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ ընդգծեց մասնագէտներու կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը դիւրացնելու անհրաժեշտութիւնը` հեռու մնալով մեծամտութենէն եւ քինախնդրութենէն: Ան նշեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը տակաւին ի զօրու է, եւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին տարբեր թափերով` տիրող պայմաններուն համապատասխան: Հաշեմ նկատել տուաւ, որ իրաւական հաշուեքննութեան մասին իրենց կեցուածքը անշեղ է` աւելցնելով, որ այդ օրինագիծը իրենց պլոքին կողմէ առաջարկուած է:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հանրի Հըլու յայտնեց, որ ոմանք իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները պաշտպանող հերոսներ, սակայն միաժամանակ արշաւ կը յայտարարեն մարոնի պատրիարքութեան դէմ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ այցելեց մարոնի համայնքի Մարիամական միաբանութեան կեդրոն, ուր շնորհաւորութիւն յայտնեց անոր նոր նշանակուած նախագահին` հայր Փիեռ Նաժըմի: Ժահժահ յայտնեց, որ երբ պարկեշտութենէ, բարոյականութենէ ու հոգեւոր արժէքներէ կը պարպուինք, ապա մեր գոյութեան իմաստը կը կորսուի:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց, որ իբրեւ լիբանանցիներ պէտք է իրենց հարցերը կարենան միասնաբար լուծել` առանց բացառութեան, «որովհետեւ արտաքին ուժեր լիբանանցիներուն վերաբերող խնդիրները պիտի չլուծեն»:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի եւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի միջեւ հանդիպումը պիտի անդրադառնայ սահմանային եւ այլ թղթածրարներու:


