Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Ապրիլ 12, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2213 վարակուածներ եւ մահացած 31 ուրիշներ:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին կոչ ուղղեց, որ գործերը գերակշռեն խօսքերն ու հակազդեցութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ փտածութեան աւերակներուն տակէն Լիբանանի յարութիւնը ապահովել:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոս կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն խնայելու լիբանանցիները եւ տիւ ու գիշեր աշխատելու` վերջ տալու համար տագնապներուն:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ յայտնեց, որ դպրոց վերադառնալու եւ անոր զուգահեռ առցանց կրթութիւնը շարունակելու մանրամասնութիւններուն մասին պիտի յայտարարուի հինգշաբթի, 15 ապրիլ 2021-ին: Ան նշեց, որ պետական քննութիւնները պիտի կատարուին օգոստոս ամսուան սկիզբը եւ հաւանաբար անոնք չներառեն բոլոր դասանիւթերը: Մաժզուպ աւելցուց, որ այդ մասին ալ մանրամասն յայտարարութիւններ պիտի կատարուին վերոնշեալ թուականին:

ԿԱԹՈՂԻԿԷ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար յայտնեց, որ իրենք հանգիստ չեն զգար կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպի կողմէ պետական քննութիւնները օգոստոսին կատարելու որոշումին գծով:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Իմատ Հուպալլա հաստատեց, որ ժամանակը հասած է վերջ տալու գնդակներու փոխանակումին եւ վաւերացնելու ամէնէն աղքատ ընտանիքներուն ապրուստը ֆինանսաւորելու յատուկ քարտը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստը վերակառուցելու նպատակով հանդիպում մը ունեցած է գերմանական պատուիրակութեան մը հետ` աւելցնելով, որ պատուիրակութիւնը դրական ծրագիրներ ներկայացուցած է այդ մասին: «Սակայն մեր կառավարութիւնը իրաւունք չունի նման ծրագիրներ վաւերացնելու կամ այդ իմաստով որոշում տալու, որովհետեւ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն է:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ քաղաքացին ապրելու համար նախ հացի եւ դեղորայքի կարիք ունի, որպէսզի նաեւ վկայէ երկիրը այս վիճակին հասցնողներուն պատժուիլը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ ներկայիս լիբանանցիներուն ենթարկուած վարկաբեկումը պատերազմի շրջանին նոյնիսկ չէինք վկայած:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ կառավարութիւնը կարելի չէ կազմել, այնքան ատեն որ կայ քաղաքական խումբ մը, որ կը պնդէ կառավարութեան մէջ մէկ երրորդը ունենալու սկզբունքին վրայ:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի յայտնեց, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը վերջ գտած է, իսկ եւրոպական պատժամիջոցները ապարդիւն են:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա մտահոգութիւն յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումը վերածուի երկրորդ  Մազարեհ Շեպաայի մը: Ան ընդգծեց, որ եթէ սահմանագծումի բանակցութիւնները տարիներու վրայ երկարին, ապա կրնանք ուշանալ երկրին բնական հարստութիւններէն օգտուելէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ իրերայաջորդ կառավարութիւններուն որդեգրած տնտեսական եւ ելեւմտական քաղաքականութիւնները պատճառ դարձած են, որ լիբանանցիները կորսնցնեն դրամատուներուն մէջ իրենց պահ դրած գումարները: Ան նշեց, որ հիմնականին մէջ Լիբանանի տնտեսական տագնապը սկսած է 2011-ին, երբ նաւթի սակերը համաշխարհային մակարդակով նուազեցան:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն ռամատանի տօնին առիթով շնորհաւորութիւն ուղղեց` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ իրավիճակը երկար պիտի չտեւէ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը շաբաթավերջին Սոտեքոյի իր կեդրոնին մէջ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին Տորի Քամիլ Շամունը ընտրեց կուսակցութեան նախագահ: Կուսակցութեան փոխնախագահ ընտրուեցաւ Ռոպեր Խուրի, իսկ ընդհանուր քարտուղար` Փիեռ Ժաարա:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ ընդգծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ ամուր յարաբերութիւնները` պաշտպանելու համար հարաւային Լիբանանի խաղաղութիւնը:

ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ միութիւնը հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական կացութեան փլուզման պատասխանատուութեան բեռը կարելի չէ միայն դրամատուներուն վերագրել` ընդգծելով, որ ելեւմտական եւ դրամատնային տագնապին գլխաւոր դրդապատճառը կը մնայ երկրին քաղաքական տագնապը:

 

 

Նախորդը

50 Միլիոն Լիբ. Ոսկիի Նուիրատուութիւն ԿԱՄՔ-ին

Յաջորդը

Ժամալիէի Եւ Քֆարզապատի Մէջ Բանակը Գրաւեց Թմրեցուցիչ Եւ Զէնքեր Ու Կատարեց Ձերբակալութիւններ

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?