Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի։
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Լիբանան միջպետական ջերմ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրավիճակն ու այդ առումով նորագոյն իրադարձութիւնները։
Խօսակիցները շեշտեցին այս բոլոր հանգամանքներուն նկատառումով երկկողմանի խորհրդակցութիւններն ու քննարկումները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։