Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հուսամ Զաքի երէկ շարունակեց լիբանանցի ղեկավարներուն եւ հոգեւոր պետերուն հետ իր հանդիպումները, որոնց ընթացքին ան շարունակեց ընդգծել Արաբական լիկային պատրաստակամութիւնը զօրակցելու Լիբանանին:
Զաքի այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, որուն հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւնները:
Ան նկատել տուաւ, որ չէզոքութեան մասին Ռայի պատրիարքին կեցուածքները կը համընկնին Արաբական լիկայի կեցուածքներուն` նկատի ունենալով շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու Լիբանանի կեցուածքը, որ օրին արժանացած էր Արաբական լիկայի ողջոյնին:
Զաքի նկատել տուաւ, որ Լիբանան կատարած իր այցելութեան նպատակը կարելի չէ եղած իրականացնել` աւելցնելով, որ յաւելեալ խորհրդակցութիւններու կարիք կը զգացուի, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութիւն գոյացնել:
Զաքի խոստացաւ բոլորին հետ միշտ գործակցիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը յուզող ներկայ իրավիճակին ելք մը ապահովել եւ աշխատիլ, որ երկրին մէջ կառավարութիւն մը կազմուի:
Զաքի այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ ընդունեց Զաքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մանրամասնութիւնները:
Զաքի ընդգծեց, որ Ժեմայէլ շեշտած է ամբողջովին անկախ կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ կուսակցութիւններու կողմէ ճշդուած մասնագէտներով կազմուած կառավարութիւն մը քաղաքական կառավարութենէն շատ աւելի գէշ է:



