Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ երէկ նախագահեց կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի արտակարգ նիստին, որ տեղի ունեցաւ Անկախութեան թանգարանի շէնքին մէջ, Հարեթ Սախըր:
«Փաղանգաւոր կուսակցութեան նահատակ»-ի օրուան առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Սամի Ժեմայէլ իր խոնարհումը յայտնեց քաղաքացիական պատերազմին զոհուած Փաղանգաւոր կուսակցութեան նահատակներուն յիշատակին` յայտնելով, որ օրին մարդիկ ձգած են իրենց տունը, գործը, դպրոցն ու համալսարանը, որովհետեւ ուզած են պաշտպանել Լիբանանը եւ նահատակուած են ի խնդիր Լիբանանին ու անոր անկախութեան եւ գերիշխանութեան, եւ ոչ թէ պարզապէս որովհետեւ անոնք պատերազմի երկրպագուներ եղած են:
«Ճիշդ է, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան շարքերուն ընդմէջէն պայքարեցաք, սակայն Լիբանանի համար նահատակուեցաք: Ձեր նահատակութիւնը այս կամ այն կուսակցութեան սեփականութիւնը չէ, այլ` բոլորին», ըսաւ ան:
Իր խօսքը ուղղելով անոնց, որոնք լիբանանցիները կը փորձեն պահել իբրեւ պատերազմի արգելափակեալներ, Սամի Ժեմայէլ ըսաւ. «Քաղաքացիական պատերազմով սպառնացողին եւ մեր պետութիւնն ու ապագան իր զէնքով պատանդ վերցնողին կ՛ըսենք. բա՛ւ է: Կարելի չէ լիբանանեան պետութիւնը պատանդ վերցնել` այլ պետութեան մը շահերը իրականացնելու համար: Իսկ 4 օգոստոսի պայթումէն ետք տակաւին իրենց պաշտօններուն կառչած մնացողներուն կոչ կ՛ուղղենք հրաժարելու եւ առիթ տալու, որ լիբանանցիները իրենք զիրենք փրկեն ու երկիրը դարձեալ կառուցեն: Ով որ պատմութիւնը կ՛անտեսէ, անցեալին մէջ կ՛ապրի եւ կը մերժէ պատմութենէն դասեր քաղել, կը սխալի», եզրափակեց ան:



