Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրողներուն Եւ Այլ Մարզերու Պաշտօնեաներուն Պատուաստումը Պիտի Սկսի Երկուշաբթի, 19 Ապրիլ 2021-ին

April 13, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան` ընկերակցութեամբ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Մանալ Ապտել Սամատի, երէկ առողջապահութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ, թէ լրագրողները, ապահովական կառոյցներու եւ պաշտօնական մարզի պաշտօնեաները պատուաստելու արշաւը պիտի սկսի երկուշաբթի, 19 ապրիլ 2021-ին:

Պատուաստումը պիտի կատարուի Լիբանանեան համալսարանի Հատասի կեդրոնին մէջ: Պիտի տրամադրուի «Սինոֆարմ» պատուաստը, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը Չինաստանէն նուէր ստացած էր:

Պատուաստումը պիտի կատարուի 10 բժշկական կեդրոններու մէջ:

Հասան շեշտեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ ապահովուած պատուաստներն են «Ֆայզըր»-ն ու «Ասթրազենիքա»-ն, ինչպէս նաեւ «Սինոֆարմ»-ը, որ Չինաստանի կողմէ նուէր տրուեցաւ լիբանանեան պետութեան:

Ան նկատել տուաւ, որ կայ նաեւ «Սփութնիք» պատուաստը, որ մեծաւ մասամբ սեփական մարզին կը տրամադրուի:

Հասան ընդգծեց, որ միջազգային չափանիշներուն համաձայն, քաղաքացին կը ներկայանայ պատուաստումի կեդրոն, ուրկէ կը ստանայ իր պատուաստը:

Ան նշեց, որ Բրիտանիոյ կողմէ յանձնարարուած է, որ «Ասթրազենիքա» պատուաստը օգտագործուի 30-ը բոլորած անհատներուն համար:

«Կարելի չէ այս կամ այն պատուաստի նախընտրութիւն ունենալ, որովհետեւ Լիբանան հասնող բոլոր պատուաստները Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան կողմէ ընդունուած են: Պէտք է վստահիլ բժշկական հեղինակութիւններուն` հասարակութիւններուն դիմադրողականութիւնը ամրապնդելու նպատակով», ըսաւ ան:

Հասան շեշտեց, որ պատուաստումի արշաւը դրական ցուցանիշներ ունի, այն իմաստով, որ վարակուածներուն համեմատութիւնը 21 առ հարիւրէն 15 առ հարիւր նուազած է:

Ան հաստատեց, որ պէտք է «Քորոնա» ժահրին վերաբերող նախազգուշութիւնները նոյնքան խստութեամբ գործադրուին, որպէսզի վարակուածներուն համեմատութիւնը նուազի:

Իր կարգին, Ապտել Սամատ շեշտեց, որ լրագրողները պատուաստ ստացողներուն առումով առաջնահերթութիւն կը նկատուին` նկատի ունենալով անոնց մէջ վարակումի բարձր համեմատութիւնը:

Նշենք, որ Ներքին ապահովութեան ուժերը երէկ յայտարարեցին, որ խստօրէն պիտի հետեւին երեկոյեան ժամը 9:30-էն առաւօտեան ժամը 5:00 հաստատուած կրակմարի դրութեան:

Անոնք վերահաստատեցին, որ հաւաքական իֆթարի հրաւէրները արգիլուած են` ընդգծելով ընկերային հեռաւորութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը:

Ներքին ապահովութեան ուժերը կոչ ուղղեցին քաղաքացիներուն յանձնառու մնալու այդ որոշումին գործադրութեան:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի մտավախութիւն յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի տարածումին առումով Լիբանանի մէջ ռամատանի ամսուան ընթացքին Նոր տարուան բեմագրութիւնը կրկնուի:

Իր կարգին, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի ընդհանուր տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ շեշտեց պատուաստումի արշաւին կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա պէտք է աւելի արագ ընթացք ունենայ, քան նախատեսուած վարակումի թիւերը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նաժժար, Աքըր Եւ Տիապ Վաւերացուցին Թիւ 6433 Հրամանագիրը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.