Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 624 վարակուածներ եւ մահացած 3 ուրիշներ: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ երեսփոխան Հատի Հըպէյշ խորհրդարանէն յայտնեց, որ ժողովուրդը կ՛ուզէ իմանալ Թլէյլի պայթումին իբրեւ հետեւանք 30 քաղաքացիի զոհուելուն պատճառը: Ան շեշտեց, որ իրենք մշակած ու ներկայացուցած են օրինագիծ մը, որ Թլէյլի պայթումին բոլոր զոհերը նկատուին բանակի նահատակներ: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ...

225 Միլիոն Տոլարի Յատկացում` Վառելանիւթի  Ժամանակաւոր Նպաստ Տրամադրելու Նպատակով

225 Միլիոն Տոլարի Յատկացում` Վառելանիւթի Ժամանակաւոր Նպաստ Տրամադրելու Նպատակով

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տակաւին կը մնայ անորոշ, իսկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ յաջորդ հանդիպումին մասին տակաւին ոչինչ յստակ է: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն շաբաթ յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ նախագահեց արտակարգ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ վառելանիւթի տագնապը: Ներկայ գտնուեցան վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, հանրապետութեան...

Սէյիտ Նասրալլա. «Վառելանիւթով Բեռցուած  Իրանեան Երկրորդ Նաւը Քանի Մը Օրէն Պիտի Նաւարկէ,  Եւ Անոր Պիտի Յաջորդեն Այլ Նաւեր»

Սէյիտ Նասրալլա. «Վառելանիւթով Բեռցուած Իրանեան Երկրորդ Նաւը Քանի Մը Օրէն Պիտի Նաւարկէ, Եւ Անոր Պիտի Յաջորդեն Այլ Նաւեր»

Հըզպալլայի մարտական առաջնորդներէն Ապպաս Եաթամայի նահատակութեան եօթնօրէքին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ նահատակ մարտիկին յատկանիշներուն, Դիմադրութեան մէջ անոր կազմաւորումին, նուիրուածութեան եւ զոհողութիւններուն: Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ ճակատամարտերը ամերիկեան դեսպանատունը կը մղէ` աւելցնելով, որ 2005-էն ի վեր անոնք կը ձախողին: «2006-էն անոնք գրաւ դրած էին ճզմելու Դիմադրութիւնը....

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Մեկնարկը Կատարեց  «Լիբանանցի Երիտասարդութեան Խորհրդարան»-ին

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Մեկնարկը Կատարեց «Լիբանանցի Երիտասարդութեան Խորհրդարան»-ին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան շաբաթ, 21 օգոստոս 2021-ին, հրապարակեց թիւ 75/1/2021 որոշումը, որուն հիման վրայ մեկնարկը կատարուեցաւ «Լիբանանցի երիտասարդութեան խորհրդարան»-ին: Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այդ որոշումը կ՛ընդգրկէ «խորհրդարան»-ի ստեղծման խորհուրդին կազմութիւնը` նախագահութեամբ Վ. Օհանեան-Գէորգեանի: Խորհուրդին փոխնախագահը պիտի ըլլայ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէ: Խորհուրդը պիտի մշակէ «Լիբանանցի երիտասարդութեան խորհրդարան»-ին ծրագիրը, աշխատանքի գործիքակազմը, վարչական եւ ելեւմտական...

Թարեք Մաժզուպ Այսօր Կէսօրին  Հրաւիրած Է Մամլոյ Ասուլիսի Մը

Թարեք Մաժզուպ Այսօր Կէսօրին Հրաւիրած Է Մամլոյ Ասուլիսի Մը

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ 2021-2022 կրթական տարեշրջանին եւ վերամուտի հաւանական թուականին: Միւս կողմէ, սակայն, շաբաթ գիշեր Մաժզուպ յայտնած էր, թէ վերամուտը 27 սեպտեմբեր 2021-ին է` աւելցնելով, որ անիկա պիտի ըլլայ դպրոց վերադարձի սովորական թուական մը, հետեւաբար ներկայութիւնը դարձեալ պիտի ըլլայ շատ կարեւոր: Նշենք,...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1173 վարակուածներ եւ մահացած 3 ուրիշներ: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան քարոզին մէջ յայտնեց, որ նախորդ կառավարութեան հրաժարելէն մէկ տարի եւ մէկ ամիս ետք ի յայտ եկած է, թէ պատասխանատուները կառավարութիւն չեն փափաքիր կազմել: Ան կոչ ուղղեց վերջ տալու լիբանանցիներուն զգացումներով խաղալու եւ ժողովուրդը...

Մինչ Կառավարութեան  Կազմութեան Հոլովոյթը  Կը Շարունակուի, Վառելանիւթի  Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սրի

Մինչ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Շարունակուի, Վառելանիւթի Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սրի

Լիբանանցիները կը շարունակեն տառապիլ վառելանիւթի տագնապէն: Քաղաքացիներուն նուաստացումը կը շարունակուի պենզինի կայարաններուն դիմաց անոնց գոյացուցած հերթերուն ընդմէջէն: Ճիշդ է, որ կացութիւնը վատ է եւ ահռելի, սակայն վատագոյնն ու սարսափելին այն է, որ պենզինի եւ մազութի պահեստներուն սպառումէն ետք երկիրը ենթարկուած է լրիւ կանգ առնելու, մութի մատնուելու, եւ հորիզոնին վրայ լուծման ոչ մէկ նշոյլ կ՛երեւի: Երէկուան նորութիւններուն ծիրին մէջ երեւան ելաւ...

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Պալատ.   «Լուծումը Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին  Կառավարութեան Կազմութիւնն Է»   Շեշտեց Պըրրի

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Պալատ. «Լուծումը Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Կառավարութեան Կազմութիւնն Է» Շեշտեց Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի  երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի նիստին, որ յատկացուած էր կարդալու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի այն նամակը, որ կը վերաբերէր Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի կողմէ վառելանիւթին յատկացուող նպաստը կասեցնելու որոշումէն ետք երկրին տնտեսական ու ապրուստի պայմանները քննարկելու եւ համապատասխան որոշում տալու: Նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով երեսփոխան Մուսթաֆա Հիւսէյնիի մահուան յիշատակը: Նիստին ընթացքին...

Սէյիտ Նասրալլա. «Քանի Մը  Ժամէն Վառելանիւթով  Բեռցուած Իրանեան Առաջին Նաւը  Պիտի Նաւարկէ Դէպի Լիբանան»

Սէյիտ Նասրալլա. «Քանի Մը Ժամէն Վառելանիւթով Բեռցուած Իրանեան Առաջին Նաւը Պիտի Նաւարկէ Դէպի Լիբանան»

Աշուրայի տօնին առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հինգշաբթի, 20 օգոստոս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ յայտարարեց, թէ Իրանէն Լիբանան ուղղուելիք առաջին նաւը արդէն իսկ բեռցուած է պէտք եղած վառելանիւթով եւ քանի մը ժամէն պիտի նաւարկէ: Ան յոյս յայտնեց, որ այդ նաւուն կը հետեւին նաեւ այլ նաւեր: Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ իրենք առաջնահերթ նկատած...

Քֆարտըպիանի Մէջ.   Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հիմնարկէքը Կատարեց  Միջին Արեւելքի Մէջ  «Քրոս Քար»-ի Առաջին Մրցասպարէզին

Քֆարտըպիանի Մէջ. Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հիմնարկէքը Կատարեց Միջին Արեւելքի Մէջ «Քրոս Քար»-ի Առաջին Մրցասպարէզին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ Ուարտէ-Քֆարտըպիան շրջանին մէջ հիմնարկէքը կատարեց Միջին Արեւելքի մէջ «Քրոս քար»-ի առաջին մրցասպարէզին: Հիմնարկէքի պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էին «Փլենեթ քարթ քրոս միտըլ իսթ» ընկերութեան ներկայացուցիչ Տէյվիտ Ապու Ժաուտէ, որ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ միակ ներկայացուցիչն է, մարմնակրթութեան նախարարութեան մարմնակրթութեան հարցերու պատասխանատու Մոհամետ Օուէյտաթ, Քֆարտըպիանի քաղաքապետարանի մարմնակրթութեան խորհուրդի նախագահ Ուալիտ Պաայնօ, Միջին...

Իսրայէլեան Օդուժը Լիբանանէն  Կը Ռմբակոծէ Սուրիան

Իսրայէլեան Օդուժը Լիբանանէն Կը Ռմբակոծէ Սուրիան

Իսրայէլեան օդուժը հինգշաբթի, 19 օգոստոս 2021-ի ուշ գիշերին թռիչքներ գործեց Լիբանանի վերեւ եւ լիբանանեան օդային տարածքէն ռմբակոծեց Սուրիան: Իսրայէլի գործած այս արարքը Պէյրութը եւ Դամասկոսը մղեցին պահանջելու ՄԱԿ-էն, որ ստանձնէ իր պարտականութիւնները եւ արգիլէ իսրայէլեան յարձակումներուն եւ բռնարարքներուն կրկնութիւնը: Սուրիական «ՍԱՆԱ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծած է հարաւարեւելեան Պէյրութէն` թիրախ դարձնելով Դամասկոսի եւ Հոմսի մէջ որոշ կէտեր: Սուրիական...

aztag-f

Մամլոյ Արձակուրդ

Աշուրայի սգատօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքային որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 20 օգոստոս 2021-ին: Մեր յաջորդ թիւը` շաբաթ, 21 օգոստոսին:

Այցելութիւն` Առողջապահութեան Նախարարի  Պաշտօնակատար Համատ Հասանի

Այցելութիւն` Առողջապահութեան Նախարարի Պաշտօնակատար Համատ Հասանի

Լիբանանը հարուածող «Քորոնա» համաճարակի 4-րդ ալիքին լոյսին տակ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Էլի Թաշճեան այցելեցին առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարին վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնց լոյսին տակ որոշուեցաւ Մեթնի պարագային Տահըր Պաշեք հիւանդանոցի «Քորոնա»-ի բաժանմունքը վերաբանալ,...

Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն  Բացայայտել Ամբարուած Պենզինն Ու Մազութը,  Մինչ Կառավարութեան Կազմութեան  Առումով Լաւատեսութիւնը Կը Սառի

Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն Բացայայտել Ամբարուած Պենզինն Ու Մազութը, Մինչ Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Լաւատեսութիւնը Կը Սառի

Վառելանիւթի եւ հացի տագնապները կը շարունակուին երկրին մէջ, մինչ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին գծով գէթ պաշտօնական նորութիւններ չկան` նկատի ունենալով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ հանդիպումը չկայացաւ: Իսկ երեկոյեան նախագահ Աունի եւ վարչապետ Միքաթիի աղբիւրներուն կողմէ սպրդեցուած յայտարարութիւնները յուշեցին, թէ կառավարութեան կազմութեան առումով լաւատեսութիւնը սառած է: Պենզինի կայարաններուն դիմաց հերթ բռնած ինքնաշարժներուն պատճառով կը շարունակուի...

«Միջազգային Կարմիր Խաչը  Թող Օժանդակէ  Սուրիացի Տեղահանուածներուն  Տունդարձը Ապահովելու»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Միջազգային Կարմիր Խաչը Թող Օժանդակէ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձը Ապահովելու» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ գործող Միջազգային կարմիր խաչի նոր նշանակուած յանձնակատար Սիմոն Աշլիմանը, որուն ներկայութեան բարձր գնահատեց Միջազգային կարմիր խաչին աշխատանքը` տարբեր պայմաններուն տակ, յատկապէս վերջին երկու տարիներուն ընթացքին: Նախագահ Աուն յաջողութիւն մաղթեց Աշլիմանին` անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով, եւ ընդգծեց լիբանանեան հաստատութիւններուն ու վարչութիւններուն հետ աշխատանքը համադրելու եւ ըստ այնմ գործակցելու կարեւորութիւնը,...

Հարիրի. «Պահանջուածը Անկուսակցական  Նախարարներով Կազմուած Կառավարութիւն Է»

Հարիրի. «17 Հոկտեմբերէն Ետք Հրաժարականս Լիբանանեան Արտադրութիւն Է»

  Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ 17 հոկտեմբեր 2019-էն ետք իր հրաժարականը լիբանանեան արտադրութիւն էր, եւ անոր պատճառները, պայմաններն ու նպատակները յստակ էին, իսկ աւելի քան մէկ տարուան համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի արգելակումը իրանեան արտադրութիւն էր: Հարիրի յայտնեց, որ միաժամանակ ծիծաղելի եւ յուզիչ են այն յայտարարութիւնները, թէ սուրիական վարչակազմը Լիբանանէն կը պահանջէ մաքսանենգումը կասեցնել` այն պատճառաբանութեամբ,...

Պոկտանով Կոչ Կ՛ուղղէ Արագացնելու  Լիբանանի Կառավարութեան Կազմութիւնը

Պոկտանով Կոչ Կ՛ուղղէ Արագացնելու Լիբանանի Կառավարութեան Կազմութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Ռուսիոյ հետ հարցերու խորհրդական Ամալ Ապու Զէյտ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միջին Արեւելքի եւ ափրիկեան երկիրներուն մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովի հետ: Հանդիպումէն ետք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը` կեդրոնանալով Լիբանանի իրադարձութիւններուն վրայ: «Ընդգծուեցաւ...

Ժոմպլաթ. «Կը Մերժեմ Հրաժարականի  Պահանջները, Իսկ Նաւթի Ընկերութիւնները  Երկրին Դէմ Կ՛աշխատին»

Ժոմպլաթ. «Կը Մերժեմ Հրաժարականի Պահանջները, Իսկ Նաւթի Ընկերութիւնները Երկրին Դէմ Կ՛աշխատին»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Աքքարի պայթումը նախ եւ առաջ մաքսանենգումի շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ` աւելցնելով, որ ինք բազմիցս զգուշացուցած է մաքսանենգումի վտանգներէն: Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Լիբանան հասած վառելանիւթը` պենզինն ու մազութը գրեթէ կիսով Սուրիա կը մաքսանենգուին: Ան շեշտեց, որ վերջերս Լիբանանի կողմէ շուրջ 800 միլիոն տոլարով ապահովուած վառելանիւթին մեծ մասը Սուրիա փոխադրուած է: Ժոմպլաթ...

Ասմար. «Լիբանան Կ՛ենթարկուի Մահացու  Շրջափակումի Մը, Որուն Նպատակը Քաղաքական Է»

Ասմար. «Լիբանան Կ՛ենթարկուի Մահացու Շրջափակումի Մը, Որուն Նպատակը Քաղաքական Է»

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ենթարկուի մահացու շրջափակումի մը, որուն նպատակը քաղաքական է: «Այս իրականութիւնը շօշափելի է բոլորիս կողմէ, եւ պահանջուածը այն է, որ լիբանանցիները միասնական ճիգերով շարունակեն իրենց կեանքը եւ նախաձեռնեն ազգային փրկութեան կառավարութեան կազմութեան», ըսաւ Ասմար: Ասմար ընդգծեց, որ համադաշնակցութիւնը անցնող ամիսներուն ընթացքին բարձրաձայնեց տիրող կացութեան մասին` լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս ապրուստի կացութեան վատթարացումը,...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1689 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ: ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նաւերու խուզարկումը լիբանանեան ծովուժին պարտականութիւնն է, իսկ ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութիւնը օժանդակութիւն եւ զօրակցութիւն տրամադրելն է: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն մեկնեցաւ Կիպրոս, ուր կիպրացի...

Page 397 of 988 1 … 396 397 398 … 988

Արխիւներ