ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1689 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նաւերու խուզարկումը լիբանանեան ծովուժին պարտականութիւնն է, իսկ ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութիւնը օժանդակութիւն եւ զօրակցութիւն տրամադրելն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն մեկնեցաւ Կիպրոս, ուր կիպրացի իր պաշտօնակիցին` զօր. Տիմոքրիթոս Զերվաքիսի հետ պիտի ստորագրէ երկու բանակներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան համաձայնագիր, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկէ ապօրինի կերպով կատարուող ծովային գաղթականութեան թղթածրարը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ ընդունեց Պեքաայի նահանգապետ, դատաւոր Քամալ Ապու Ժաուտէն, որուն հետ քննարկեց Պեքաայի դիմագրաւած հարցերը, կարիքներն ու դժուարութիւնները` երկրին դիմագրաւած տագնապներուն լոյսին տակ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը անիմաստ է, եթէ ան պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը պիտի չճշդէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի երէկ ուղղուեցաւ Անգարա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան պատասխանատուներուն հետ` երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու նպատակով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իյըն Քոլըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրադարձութիւնները:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ Լիբանանը դիմադրութեան առանցքէն հեռացնելը պիտի ըլլայ երկրին տագնապներուն իսկական լուծումը:


