Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ենթարկուի մահացու շրջափակումի մը, որուն նպատակը քաղաքական է:
«Այս իրականութիւնը շօշափելի է բոլորիս կողմէ, եւ պահանջուածը այն է, որ լիբանանցիները միասնական ճիգերով շարունակեն իրենց կեանքը եւ նախաձեռնեն ազգային փրկութեան կառավարութեան կազմութեան», ըսաւ Ասմար:
Ասմար ընդգծեց, որ համադաշնակցութիւնը անցնող ամիսներուն ընթացքին բարձրաձայնեց տիրող կացութեան մասին` լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս ապրուստի կացութեան վատթարացումը, ինչպէս նաեւ պահանջեց արագացնել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: «Դժբախտաբար սակայն կառավարութեան կազմութեան ջանքերէն ամիսներ ետք, այսօր կը գտնուինք ցաւալի վիճակի մէջ, որովհետեւ տագնապները կը յամենան, սակայն ժողովուրդին տարրական կարիքները գոհացնելու համար տրամադրուած նպաստները կը վերցուին», ըսաւ Ասմար` հաստատելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը երկրին փրկութեան նախաքայլն է:
Միւս կողմէ, Ասմար դրուատեց ապահովական կառոյցներուն կողմէ չարաշահումին դէմ թափուած ճիգերը: Ան ընդգծեց, որ այդ ճիգերը պէտք է շարունակուին, որպէսզի հսկողութիւնը ամրապնդուի, եւ իւրաքանչիւրը իր քաղաքացիութեան զգացումով շարունակէ կեանքը:
Անդրադառնալով Իրաքէն նաւթ ներածելու կարելիութեան` Ասմար յայտնեց, որ այս իմաստով Իրաք կը պնդէ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին Լիբանանին նաւթ տրամադրելու իր պատրաստակամութիւնը, սակայն լիբանանեան կողմը յապաղումներ կ՛արձանագրէ:



