Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

225 Միլիոն Տոլարի Յատկացում` Վառելանիւթի Ժամանակաւոր Նպաստ Տրամադրելու Նպատակով

August 23, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տակաւին կը մնայ անորոշ, իսկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ յաջորդ հանդիպումին մասին տակաւին ոչինչ յստակ է:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն շաբաթ յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ նախագահեց արտակարգ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ վառելանիւթի տագնապը:

Ներկայ գտնուեցան վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ, իսկ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժար առցանց միացաւ նիստին:

Նիստէն ետք Մաքքիէ յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է ժամանակաւոր կերպով` մինչեւ սեպտեմբերի վերջ, վառելանիւթի նպաստ տրամադրելու համար 225 միլիոն տոլար յատկացնել, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն հետ գործակցաբար հսկել, որ պենզինը, մազութն ու պիւթակազը ամբարելու եւ շահարկելու արարքներ չըլլան:

Մաքքիէ նշեց նաեւ, որ որոշուած է պետական հաստատութիւններուն եւ վարչութիւններուն, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներուն ընկերային շտապ նպաստ տրամադրել, իսկ փոխադրածախսը ժամանակաւոր կերպով վերածել օրական 24.000 լ. ոսկիի:

Երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախագահ Աուն պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց լիբանանցիներուն` շեշտելով, որ ինք կը փափաքի լիբանանցիներուն անկեղծօրէն յայտնել, թէ իրականութեան մէջ իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն, միտք կամ առաջարկ արգելակելու ճիգ եւ ջանք գոյութիւն ունի` կարծէք պահանջուածը այն է, որ կացութիւնը աւելի եւս վատթարանայ, եւ քաղաքացիները տառապին ու նուաստանան` հերթերու կանգնելով:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ կացութիւնը խանգարողն ու վատթարացման գագաթնակէտին հասցնողը եղաւ վառելանիւթին տրամադրուելիք նպաստը վերացնելու առումով Ռիատ Սալամէի տուած որոշումը, որ ինքնագլուխ էր` առանց կառավարութեան հետ համադրելու, եւ նախքան հատուցման քարտը հրապարակելու:

Նախագահ Աուն ցաւ յայտնեց այդ որոշումին համար` շեշտելով, որ անիկա վառելանիւթի հարցը շատ աւելի բարդացուց:

Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ արտակարգ այս նիստին ընթացքին մասամբ նպաստ պիտի ընծայուի վառելանիւթին, ինչպէս նաեւ պետական մարզի պաշտօնեաներուն օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ամսական աշխատավարձը վերատեսութեան ենթարկել:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք պիտի շարունակէ գործել մինչեւ վերջնական լուծումներու կարելի ըլլայ յանգիլ` աւելցնելով, որ ինք աւելորդաբանութիւններէ ու տեղեկատուական արշաւներէ պիտի չազդուի եւ իր պարտաւորութիւններէն ու պատասխանատուութիւններէն պիտի չհրաժարի:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ նոր կառավարութիւնը պիտի կազմուի` իր եւ վարչապետ Միքաթիի միջեւ գործակցութեամբ: «Կառավարութիւն մը, որ բարեկարգումներ գործադրելու կարողութիւն ունենայ եւ երեսփոխանական պլոքներու վստահութեան արժանանայ», ըսաւ ան:

Այս զարգացումներուն լոյսին տակ երէկ առաւօտեան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան նաւթի ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց նոր սակացոյց մը, որուն համաձայն կիրակի, 22 օգոստոս 2021-ին արդէն իսկ վառելանիւթը պէտք էր վաճառուէր հետեւեալ սակացոյցով.

98 օքթան պենզինին թիթեղը` 133.200 լ. ոսկի, 95 օքթան պենզինը` 129.000 լ. ոսկի, մազութը` 101.500 լ. ոսկի, իսկ մէկ շիշ պիւթակազը 90.400 լ. ոսկի:

Պենզինի կարգ մը կայարաններ անմիջապէս որդեգրեցին նոր հրապարակուած սակացոյցը եւ սկսան վառելանիւթը նոր սակերով վաճառել:

Իր հրապարակած սակացոյցէն երկու ժամ ետք նաւթի ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց երկրորդ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ պենզինի կայարանները իրենց մօտ գտնուող վառելանիւթը պէտք է 11 օգոստոս 2021-ի սակացոյցին հիման վրայ վաճառեն: Այս իրականութիւնը ստեղծեց քաոսային այլ իրավիճակ մը, որ կրնայ շարունակուիլ նաեւ այսօր:

Նշենք, որ նաւթ ներածող ընկերութիւններն ու պենզինի կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքան հաստատեցին, որ կայարաններուն 90 առ հարիւրը վառելանիւթ չունին իրենց մօտ:

Նաւթ ներածող ընկերութիւնները հաստատեցին, որ իրենք անհամբեր կը սպասեն, որ ճշդուած նոր սակին համաձայն հաշիւներ բացուին, որպէսզի արդէն իսկ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող վառելանիւթի նաւերը իրենց բերած 45 հազար թոն պենզինը յանձնեն լիբանանեան ընկերութիւններուն:

Այս շրջագիծին մէջ, Կեդրոնական դրամատան շրջանակները հաստատեցին, որ այսօրուընէ սկսեալ հաւանութիւններ պիտի տրուին եւ հաշիւներ պիտի բացուին:

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Վառելանիւթով Բեռցուած Իրանեան Երկրորդ Նաւը Քանի Մը Օրէն Պիտի Նաւարկէ, Եւ Անոր Պիտի Յաջորդեն Այլ Նաւեր»

Յաջորդը

Կորպաչեւ Նշած Է, Թէ Որո՛նք Պատասխանատու Են Խորհրդային Միութեան Փլուզման Համար

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.