Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ. «Կը Մերժեմ Հրաժարականի Պահանջները, Իսկ Նաւթի Ընկերութիւնները Երկրին Դէմ Կ՛աշխատին»

August 19, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Աքքարի պայթումը նախ եւ առաջ մաքսանենգումի շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ` աւելցնելով, որ ինք բազմիցս զգուշացուցած է մաքսանենգումի վտանգներէն:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Լիբանան հասած վառելանիւթը` պենզինն ու մազութը գրեթէ կիսով Սուրիա կը մաքսանենգուին: Ան շեշտեց, որ վերջերս Լիբանանի կողմէ շուրջ 800 միլիոն տոլարով ապահովուած վառելանիւթին մեծ մասը Սուրիա փոխադրուած է:

Ժոմպլաթ հաստատեց, որ Աքքարի պայթումին թղթածրարը մաքսանենգումի ծիրին մէջ պէտք է սերտել եւ հետաքննութիւնը այդ իմաստով կատարել:

Ան շեշտեց, որ մաքսանենգողը կրօն կամ համայնք չունի, «եւ զայն մղող միակ ուժը անոր ախորժակն է ու փառամոլութիւնը», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց այս թղթածրարը չքաղաքականացնելու կամ անոր համայնքային բնոյթ չտալու` հաստատելով, որ նաւթի ընկերութիւնները երկրին դէմ կ՛աշխատին:

«Վառելանիւթի սակերուն իմաստով լիբանանցիներուն տառապանքին միակ բանը, որ կրնայ վերջ տալ` նոր սակացոյցի ճշդումն է, հիմնուելով Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի կողմէ նպաստը ջնջելու որոշումին վրայ: Ասիկա անշուշտ պէտք է զուգահեռ ընթանայ հատուցման քարտի դրութեան մեկնարկին հետ` Միջազգային դրամատան ճշդած չափանիշներուն համաձայն», ըսաւ Ժոմպլաթ` դիտել տալով նաեւ, որ ապագային պէտք է բարելաւել նաեւ հանրային փոխադրութեան դրութիւնը:

Ան խստիւ մերժեց ցուցարարներուն կողմէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի բնակարանին դէմ գործուած յարձակումն ու քանդումը` հաստատելով, որ անիկա կարելի չէ բացատրել կամ արդարացնել:

Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ինք համաձայն չէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաժարականը պահանջելուն` ընդգծելով, որ այս իմաստով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կոչերը մերժելի են:

Ան հարց տուաւ, թէ հանրապետութեան նախագահին հրաժարականի պահանջը եւ Աքքարի պայթումը իրարու հետ ի՞նչ կապ ունին:

«Կողմնացոյցը պէտք չէ կորսնցնել, թշնամին կը գտնուի նաւթի ընկերութիւններուն եւ նաւթ ներածողներուն մէջ, որոնք միլիոնաւոր լիթրի քանակութեամբ վառելանիւթ կ՛ամբարեն լիբանանեան հողերուն վրայ:

«Աքքարի մէջ պայթածը շատ փոքր համեմատութիւնն է ամբարուած վառելանիւթին», ըսաւ Ժոմպլաթ` նկատել տալով, որ Աքքարի աղէտը պէտք է մղէ բոլորը, որ կառավարութիւնը կազմեն նեղ հաշիւներէ հեռու:

 

Նախորդը

Ասմար. «Լիբանան Կ՛ենթարկուի Մահացու Շրջափակումի Մը, Որուն Նպատակը Քաղաքական Է»

Յաջորդը

Պոկտանով Կոչ Կ՛ուղղէ Արագացնելու Լիբանանի Կառավարութեան Կազմութիւնը

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.