Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Մեկնարկը Կատարեց «Լիբանանցի Երիտասարդութեան Խորհրդարան»-ին

August 23, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան շաբաթ, 21 օգոստոս 2021-ին, հրապարակեց թիւ 75/1/2021 որոշումը, որուն հիման վրայ մեկնարկը կատարուեցաւ «Լիբանանցի երիտասարդութեան խորհրդարան»-ին:

Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այդ որոշումը կ՛ընդգրկէ «խորհրդարան»-ի ստեղծման խորհուրդին կազմութիւնը` նախագահութեամբ Վ. Օհանեան-Գէորգեանի:

Խորհուրդին փոխնախագահը պիտի ըլլայ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէ:

Խորհուրդը պիտի մշակէ «Լիբանանցի երիտասարդութեան խորհրդարան»-ին ծրագիրը, աշխատանքի գործիքակազմը, վարչական եւ ելեւմտական տնօրինման աշխատանքները:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ «Լիբանանցի երիտասարդութեան խորհրդարան»-ին մեկնարկը այս պայմաններուն մէջ կը կատարուի` նկատի ունենալով, որ առանց խորհրդարանի եւ օրէնսդրութեան քաղաքացիութիւնը անկարելի է իրականացնել, «իսկ լիբանանցի երիտասարդները, իրենց բազմազանութեան մէջ, կը ներկայացնեն լիբանանեան հասարակութեան ճշմարտութիւնն ու անոր ձգտումները: Հետեւաբար պէտք է լսել անոր ձայնն ու անոր ընծայել իր արժանի դերակատարութիւնը:

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը համոզուած է, որ տարբեր շրջանները, քաղաքացիական եւ կուսակցական ուղղուածութիւնները ներկայացնող երիտասարդները պէտք է հանդիպին եւ երկխօսութիւն կատարեն, խորհրդակցին եւ ժողովրդավարութեան վարժանիստներ կազմակերպեն, հետեւաբար այս պահուն հրապարակեց այդ որոշումը` ընդգծելու համար, որ երիտասարդներուն կողմէ իրենց անձնական խորհրդարանին անդամակցութիւնը կասկածներու դռներ չի բանար, այլ` իսկական յոյս կը ներշնչէ:

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը վստահ է, որ «Լիբանանցի երիտասարդութեան խորհրդարան»-ը պիտի իրականացնէ իրմէ ակնկալուած նպատակը` երկխօսութեան, համագործակցութեան, ազատութեան, արդարութեան, ժողովրդավարութեան, ազգային, մարդասիրական, ընկերային եւ շինիչ ու ազդու քաղաքացիութեան արժէքները ամրապնդելու իմաստով», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Հաղորդագրութեան աւարտին հաստատուեցաւ, որ նախարարութեան կազմած խորհուրդը հետագային պիտի աշխատի մշակել «Լիբանանցի երիտասարդութեան խորհրդարան»-ին ծրագիրը, աշխատանքի գործիքակազմը, ինչպէս նաեւ վարչական եւ ելեւմտական տնօրինման ձեւերը` «Լիբանանցի երիտասարդութեան խորհրդարան»-ին գաղափարը գործի վերածելու նպատակով:

Նախորդը

Թարեք Մաժզուպ Այսօր Կէսօրին Հրաւիրած Է Մամլոյ Ասուլիսի Մը

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Վառելանիւթով Բեռցուած Իրանեան Երկրորդ Նաւը Քանի Մը Օրէն Պիտի Նաւարկէ, Եւ Անոր Պիտի Յաջորդեն Այլ Նաւեր»

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.