Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միջազգային Կարմիր Խաչը Թող Օժանդակէ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձը Ապահովելու» Շեշտեց Նախագահ Աուն

August 19, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ գործող Միջազգային կարմիր խաչի նոր նշանակուած յանձնակատար Սիմոն Աշլիմանը, որուն ներկայութեան բարձր գնահատեց Միջազգային կարմիր խաչին աշխատանքը` տարբեր պայմաններուն տակ, յատկապէս վերջին երկու տարիներուն ընթացքին:

Նախագահ Աուն յաջողութիւն մաղթեց Աշլիմանին` անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով, եւ ընդգծեց լիբանանեան հաստատութիւններուն ու վարչութիւններուն հետ աշխատանքը համադրելու եւ ըստ այնմ գործակցելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ արդիւնաբեր աշխատանք ծաւալել:

Նախագահ Աուն դրուատեց 1967-էն ի վեր Լիբանանի մէջ Միջազգային կարմիր խաչին տարած աշխատանքը եւ մաղթեց, որ ան օժանդակէ նաեւ Լիբանան հասած

սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու եւ դիւրացնելու աշխատանքին:

Աշլիման շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` ընդգծելով, որ Միջազգային կարմիր խաչը ամէն իմաստով պիտի գործակցի` ապահովելու Լիբանանի կարիքները` մարդասիրական, առողջապահական եւ բոլոր մարզերուն պարագային:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ բանջարեղէնի եւ պտուղի ներածման ու արտածման սենտիքաներու մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Նայիմ Սալեհ Խալիլի, ինչպէս նաեւ Պեքաայի երկրագործներու համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Իպրահիմ Թարշիշիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրագործութեան մարզին դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի հարթելու համար այն դժուարութիւնները, որոնք կ՛արգելակեն երկրագործութեան մարզին աշխատանքը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ երկրագործութիւնը արտադրող տնտեսութեան ողնասիւնն է եւ ոչ թէ ծառայութիւններու վրայ հիմնուած տնտեսութիւնը, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապներուն հիմնական դրդապատճառն է:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ պէտք է արագ միջոցառումներու դիմել` պաշտպանելու համար բանջարեղէնի եւ պտուղի եղանակները, նկատել տալով, որ պէտք է վառելանիւթ ապահովել` երաշխաւորելու համար անոնց հետեւողական աշխատանքը:

 

Նախորդը

Հարիրի. «17 Հոկտեմբերէն Ետք Հրաժարականս Լիբանանեան Արտադրութիւն Է»

Յաջորդը

Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն Բացայայտել Ամբարուած Պենզինն Ու Մազութը, Մինչ Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Լաւատեսութիւնը Կը Սառի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.