Լիբանանեան

Միքաթի Պաապտայէն Մեկնեցաւ Ըսելով.  «Աստուծմէ Բարին, Աստուծմէ Բարին»

Միքաթի Պաապտայէն Մեկնեցաւ Ըսելով. «Աստուծմէ Բարին, Աստուծմէ Բարին»

Կառավարութեան կազմութեան ջանքերը շարունակելու շրջագիծին մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք ժամը շուրջ 4:00-ին այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ: Շուրջ 40 վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք, վարչապետ Միքաթի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու եւ բաւարարուեցաւ ըսելով. «Աստուծմէ բարին, Աստուծմէ բարին»: Միւս կողմէ, ընթացիկ հարցերու կառավարութեան տնտեսական հարցերու նախարարական յանձնախումբը երէկ նիստ մը գումարեց`...

Նախագահ Աուն Ժոզեֆ Պորելէն  Կը Ստանձնէ Հրատապ Նամակ Մը

Նախագահ Աուն Ժոզեֆ Պորելէն Կը Ստանձնէ Հրատապ Նամակ Մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆը, որ նախագահ Աունին յանձնեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեֆ Պորելի յղած նամակը: Հանդիպումէն ետք Թրաֆ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը իր նամակին ընդմէջէն կոչ ուղղեց նախագահ Աունին եւ լիբանանեան քաղաքական դասակարգին ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու կառավարութիւն մը, ինչպէս...

Պըրրի Ընդունեց Թոնի Ֆրենժիէն

Պըրրի Ընդունեց Թոնի Ֆրենժիէն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երեքշաբթի, 31 օգոստոս 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը` իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անյայտ կորսուելուն 43-ամեակին առիթով: Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ազգային համախմբում պլոքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէն, որ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ, մենք կարիքը ունինք կառավարութեան մը, որ կառուցային բարեկարգումներ կատարէ` լիբանանեան...

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Հրամանագիրով.  Լիբանանի Մէջ Մինչեւ Մարտ Ամսուան Աւարտը Բոլոր Տեսակի Մարզական Իրադարձութիւնները Կը Դադարին

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Կը Հովանաւորէ «Քրոս Քար»-ի Միջին Արեւելքի Ախոյեանութեան Ռելին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ հետեւեցաւ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կազմակերպութեամբ շաբաթ, 28 օգոստոս 2021-ին տեղի ունենալիք «Քրոս Քար»-ի Միջին Արեւելքի ախոյեանութեան ռելիի վերջին մանրամասնութիւններուն`  նկատի ունենալով, որ մրցումը կը վայելէ նախարարին հովանաւորութիւնը: Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հետ հետապնդեց ռելիի բոլոր մասնակիցներուն տրուելիք վիզաներուն վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան նախարարութեան զետեղած այն նախապայմանները, որոնք պէտք...

Աքքարի Մէջ Զինեալ Բախումները Դադրեցան  Եւ Վառելանիւթի Սիթեռնները Հասան Շրջան

Աքքարի Մէջ Զինեալ Բախումները Դադրեցան Եւ Վառելանիւթի Սիթեռնները Հասան Շրջան

Նախանցեալ երեկոյեան Աքքարի մէջ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ` Ֆնայտեքի եւ Աքրումի ընտանիքներուն միջեւ: Ֆնայտեքի ընտանիքները իրենց զինեալներով հասած էին Ուատի Ասուատ, սակայն ուշ գիշերին երեսփոխան Ուալիտ Պաարինիի եւ Ֆնայտեքի հեղինակութիւններուն միջեւ խորհրդակցութենէն ետք անոնք նահանջեցին եւ շրջանը յանձնեցին լիբանանեան բանակին: Զինեալ բախումներուն պատճառով սպաննուեցաւ Աքքարի բնակիչներէն մէկը: Նշենք նաեւ, որ երէկ Աքքար հասան վառելանիւթի սիթեռններ` ապահովական ուժերու զինուած շքախումբի մը առաջնորդութեամբ,...

Պուրճ Համուտի Աղբանոցներէն Մէկուն Մէջ  Կը Յայտնաբերուի Նորածին Մանուկ Մը

Պուրճ Համուտի Աղբանոցներէն Մէկուն Մէջ Կը Յայտնաբերուի Նորածին Մանուկ Մը

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի պաշտօնեաները երէկ առաւօտեան կամուրջի մը տակ գտնուող աղբանոցին մէջ յայտնաբերեցին լքուած նորածին մանուկ մը: Դէպքին վայրը փութաց Լիբանանեան կարմիր խաչը եւ նորածինը փոխադրեց հիւանդանոց: Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ նորածինը առողջական կայուն վիճակի մէջ է եւ Լեռնալիբանանի դատախազութեան պաշտպանութեան ներքեւ կը գտնուի:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1332 վարակուածներ եւ մահացած 7 ուրիշներ: ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Լամիա Եամմին յայտնեց, որ ինք այս շաբաթ պիտի վաւերացնէ պետական մարզի պաշտօնեաներուն փոխադրածախսի յաւելումներու որոշումը: ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրութեան սենտիքաներու եւ համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ մէկ շաբթուան ընթացքին պիտի յայտարարեն հանրային փոխադրութեան սակ մը, որ կը գոհացնէ...

Միքաթի Յետաձգեց Նախագահական  Պալատ Իր Այցելութիւնը

Միքաթի Յետաձգեց Նախագահական Պալատ Իր Այցելութիւնը

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը աւարտելու եւ նոր կազմ մը յայտարարելու նպատակով վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ սկզբունքով երէկ կէսօրէ ետք պիտի այցելէր Պաապտա, իր այցելութենէն գրեթէ ժամ մը առաջ յայտարարեց, որ նախագահական պալատ իր այցելութիւնը յետաձգուած է այսօրուան կամ ուրբաթ օրուան: Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ կառավարութիւնը այս շաբթուան ընթացքին պիտի կազմուի, եւ որ վարչապետը պիտի չհրաժարի: Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ տակաւին...

Նախագահ Աուն Պատրաստակամութիւն Յայտնեց  Զօրակցելու Կրթական Ծրագիրներուն

Նախագահ Աուն Պատրաստակամութիւն Յայտնեց Զօրակցելու Կրթական Ծրագիրներուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպը, ընկերակցութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաքի եւ Հիլտա Խուրիի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց իր յանձնառութիւնը` կրթական մարզին նկատմամբ թէ պետական, եւ թէ անձնական դպրոցներու եւ կրթական հաստատութիւններու: Ան շեշտեց Լիբանանի մէջ ուսման մակարդակը պահպանելու կարեւորութիւնը, եւ ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեց զօրակցելու կրթական ծրագիրներուն` ապահովելու համար...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կոչ Ուղղեց` Ելեկտրականութեան Առումով Քինախնդրութեան Վերջ Տալու

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի առցանց նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Թլէյլի պայթումին արձանագրուած զոհերուն ընտանիքներուն իրաւունքն է իմանալ այդ պայթումին տուն տուող պատճառները: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ այդ առումով համախմբումը ներկայացուցած է օրինագիծ մը` Թլէյլի պայթումին զոհերը նկատելու լիբանանեան բանակի նահատակներ: Համախմբումը ընթացիկ հարցերու բաժինով կառավարութենէն պահանջեց...

Համատ Հասան. «Գրաւուած Դեղորայքը  Ձրիաբար Պիտի Բաժնուի Լիբանանցիներուն»

Համատ Հասան. «Գրաւուած Դեղորայքը Ձրիաբար Պիտի Բաժնուի Լիբանանցիներուն»

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ յայտնեց, որ առողջապահութիւնը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, թէ Լիբանանի մէջ «Քորոնա»-ի համաճարակին կացութիւնը հակակշիռի տակ է, իսկ կարգ մը շրջաններու մէջ առաջին բուժօգնութեան կեդրոններ կը հաստատուին, ինչպէս նաեւ կառավարական հիւանդանոցներուն սարքաւորումներուն եւ պատրաստութիւններուն համար օժանդակութիւններ կը տրամադրուին: Հասան յայտնեց, որ նախորդող օրերուն գրաւուած դեղորայքը ձրիաբար պիտի բաժնուի լիբանանցիներուն: Միւս կողմէ, Հասան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1593 վարակուածներ եւ 5 մահեր: Նշուեցաւ նաեւ, որ 17, 18 եւ 19 օգոստոսին Պէյրութ հասած թռիչքներուն վրայ կային 81 «Քորոնա»-ով վարակուածներ: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վաղը` ուրբաթ, 27 օգոստոս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ` Լիբանանի Բ. ազատագրումի քառամեակին առիթով: ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ...

Վառելանիւթի Ցրուումի Գործիքակազմը Սերտուած Է.  Անիկա Հսկողութեան Տակ Պիտի Առնէ Ամբողջ Մարզը  Եւ Խստօրէն Պիտի Պատժէ Չարաշահողները

Վառելանիւթի Ցրուումի Գործիքակազմը Սերտուած Է. Անիկա Հսկողութեան Տակ Պիտի Առնէ Ամբողջ Մարզը Եւ Խստօրէն Պիտի Պատժէ Չարաշահողները

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով տակաւին յստակ ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է: Միւս կողմէ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը եղաւ 132.400 լ. ոսկի, 95 օքթան պենզինին սակը` 128.200 լ. ոսկի, իսկ մազութին սակը` 98.800 լ. ոսկի: Հակառակ այս որոշումին, սակայն, մեծ թիւով պենզինի կայարաններ իրենց դռները փակ պահեցին` հաստատելով,...

Նախագահ Աուն. «Կրթական Մարզին Համար  Որդեգրուելիք Որեւէ Լուծում  Միացեալ Ճիգ Կ՛ենթադրէ»

Նախագահ Աուն. «Կրթական Մարզին Համար Որդեգրուելիք Որեւէ Լուծում Միացեալ Ճիգ Կ՛ենթադրէ»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կաթողիկէ դպրոցներու նոր նշանակուած ընդհանուր քարտուղար հայր Եուսեֆ Նասըրը, քոյր Պասիմա Խուրին եւ քոյր Աֆաֆ Ապու Սամրան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան վերամուտի սեմին կաթողիկէ դպրոցները յուզող ներկայ մարտահրաւէրները: Անոնք նախագահ Աունը հրաւիրեցին ներկայ գտնուելու կաթողիկէ դպրոցներու տարեկան համագումարին, որ տեղի պիտի ունենայ 15 եւ 16 սեպտեմբերին, Լուէյզէի դպրոցին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին...

Համատ Հասան «Ներխուժեց»  Դեղորայքի Պահեստանոցները

Համատ Հասան «Ներխուժեց» Դեղորայքի Պահեստանոցները

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան նախանցեալ օր ուշ գիշերին սկսաւ լիբանանեան տարբեր  շրջաններու մէջ «ներխուժում»-ներ կատարել դեղորայքի պահեստանոցները, ուրկէ ան բացայայտեց մեծ քանակութեամբ դեղորայք: Համատ Հասանի կատարած այս «ներխուժում»-ներուն շնորհիւ բացայայտուեցան թոներով դեղորայք եւ մանուկներու յատուկ կաթ, ինչպէս նաեւ քաղցկեղի եւ մահացու այլ հիւանդութիւններու յատուկ դեղորայք, որոնք պահուած էին պահեստանոցներուն մէջ: Հասան ուղղուեցաւ Ժատրա, ուր ան բացայայտեց մեծ քանակութեամբ դեղորայք`...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1149 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու գործակատար Զէյնա Աքըր ընդունեց Լիբանանի մէջ Մալեզիոյ եւ Ճափոնի դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց իւրաքանչիւր երկրի հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները: Աքըր ընդունեց նաեւ Մարոնիներու լիկայի նախագահ Նաամթալլա Ապի Նասըրը, որուն հետ...

Կառավարութեան Կազմութիւնը  Կը Շարունակէ Մնալ Անորոշ,  Վառելանիւթի Տագնապը Կը Մնայ Տիրական,  Իսկ Կարգ Մը Շրջաններու Մէջ «Օժերօ»-ի  Ծառայութիւնները Կը Դադրին

Կառավարութեան Կազմութիւնը Կը Շարունակէ Մնալ Անորոշ, Վառելանիւթի Տագնապը Կը Մնայ Տիրական, Իսկ Կարգ Մը Շրջաններու Մէջ «Օժերօ»-ի Ծառայութիւնները Կը Դադրին

Ճիշդ է, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իր այցելուներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին յոյս յայտնեց, որ յաջորդող օրերը դրական զարգացումներ ընդգրկեն` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով, սակայն վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրները հաստատեցին, որ ան նախագահ Աունի հետ հանդիպումի ժամադրութիւն մը չէ ճշդած տակաւին` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով յաւելեալ լաւատեսութեան պատճառ չկայ: Անպաշտօն աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ այսօր յետմիջօրէին վարչապետ...

Նախագահ Աուն Հայր Ապպուտի Հետ  Քննարկեց ՔԱՐԻԹԱՍ-ի Աշխատանքները

Նախագահ Աուն Հայր Ապպուտի Հետ Քննարկեց ՔԱՐԻԹԱՍ-ի Աշխատանքները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ՔԱՐԻԹԱՍ-ի Լիբանանի խորհուրդի նախագահ հայր Միշել Ապպուտը` ընկերակցութեամբ փոխնախագահ Նիքոլա Հաժժարի: Հանդիպումին ընթացքին հայր Ապպուտ եւ Հաժժար նախագահ Աունին ներկայացուցին ՔԱՐԻԹԱՍ-ի տարած աշխատանքները` մարդասիրական եւ ծառայողական առումով, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները: Նախագահ Աուն դրուատեց մարդասիրական բոլոր հաստատութիւններուն, միութիւններուն եւ խորհուրդներուն աշխատանքը` երկրին դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ընթացքին...

Թաքուա Եւ Սալամ Մզկիթներու  Պայթումին Ը. Տարելիցին Առիթով.  Վարչապետ Միքաթի Կոչ Կ՛ուղղէ  Բացայայտելու Եւ Պատժելու Յանցագործները

Թաքուա Եւ Սալամ Մզկիթներու Պայթումին Ը. Տարելիցին Առիթով. Վարչապետ Միքաթի Կոչ Կ՛ուղղէ Բացայայտելու Եւ Պատժելու Յանցագործները

Թրիփոլիի Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներու պայթումին Ը. տարելիցին առիթով, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ այդ պայթումը հարուածած է Լիբանանի սիրտը եւ փորձած սադրանքներ նախապատրաստել, սակայն շրջանը կրցած է մարել սադրանքներու այդ հուրը` հակառակ իր ստացած խոր վէրքին: «Թրիփոլի սադրանքներուն վերջ տուած է` հաստատելով լիբանանեան պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն կառչած մնալու, ինչպէս նաեւ ազգային...

Թարեք Մաժզուպ. «Պետական Դպրոցներուն  Վերամուտը 27 Սեպտեմբերին Է, Իսկ Անձնական  Դպրոցներունը` Սեպտեմբերի  Աւարտին Կամ Հոկտեմբերի Սկիզբին»

Թարեք Մաժզուպ. «Պետական Դպրոցներուն Վերամուտը 27 Սեպտեմբերին Է, Իսկ Անձնական Դպրոցներունը` Սեպտեմբերի Աւարտին Կամ Հոկտեմբերի Սկիզբին»

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ 2021-2022 կրթական տարեշրջանը պիտի կայանայ` աւելցնելով, որ  պետական դպրոցներու վերամուտը 27 սեպտեմբեր 2021-ին է: Մաժզուպ յայտնեց նաեւ, որ անձնական դպրոցներուն վերամուտը պիտի կատարուի սեպտեմբերի աւարտին կամ հոկտեմբերի սկիզբին: «Արգիլուած է դպրոցները փակ պահել, եւ որոշած ենք կրթական տարեշրջանը սկսիլ` ներկայութեամբ,...

Page 396 of 988 1 … 395 396 397 … 988

Արխիւներ