ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 624 վարակուածներ եւ մահացած 3 ուրիշներ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ երեսփոխան Հատի Հըպէյշ խորհրդարանէն յայտնեց, որ ժողովուրդը կ՛ուզէ իմանալ Թլէյլի պայթումին իբրեւ հետեւանք 30 քաղաքացիի զոհուելուն պատճառը: Ան շեշտեց, որ իրենք մշակած ու ներկայացուցած են օրինագիծ մը, որ Թլէյլի պայթումին բոլոր զոհերը նկատուին բանակի նահատակներ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ ըսաւ. «Իւրաքանչիւր օր, որ կ՛անցնի, կը հաստատենք, որ հանրապետութեան նախագահին համար կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի չափաբաժինը շատ աւելի կարեւոր է, քան ամբողջ երկիրը»:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ երեսփոխան Սամի Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ եթէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի չկրցաւ կառավարութիւն կազմել, ապա իրենք պիտի պահանջեն հանրապետութեան նախագահին հրաժարականը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին լուծարումը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Հըզպալլա պետութեան երդիքէն դուրս չէ եկած` աւելցնելով, որ լիբանանեան վարչակարգին մէջ կառուցային խախտում մը կայ, եւ անոր սրբագրութիւնը հաւաքական կամք կ՛ենթադրէ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս հաստատեց, որ իրենց հիմնական պայքարը Լիբանանի դիմագիծը փոխել ցանկացողներուն հետ է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ վառելանիւթի նոր սակերուն ճշդումը արագ լուծում չկրցաւ ապահովել:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ կարգ մը առեւտրականներու անյագութիւնը եւ չարաշահումը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրեն: Ան շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի չի կրնար արկածախնդրութիւններու դիմել, որովհետեւ ամերիկեան ելեւմուտքի նախարարութեան մէկ պաշտօնեան իսկ կրնայ զինք պատժամիջոցներու ցանկին վրայ ներառել: Ուահապ նկատել տուաւ, որ Միքաթի այսօր պիտի ներկայացնէ կառավարութեան ամբողջական կազմ մը` խորհուրդ տալով ընդունիլ զայն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Հըզպալլա աննախընթաց մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ Լիբանանի տագնապին միակ լուծումը կարելի է ապահովել կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններով: Ան աւելցուց նաեւ, որ քաղաքացիական պատերազմ մը բռնկելու իմաստով ցարդ վախ չկայ: Միւս կողմէ, Ժահժահ կոչ ուղղեց Իրանին լուծելու Սուրիոյ վառելանիւթի հարցը, որովհետեւ այդ ձեւով ան կիսով լուծած կ՛ըլլայ Լիբանանի վառելանիւթի տագնապը:
ԱՄԱԼ շարժումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կառավարութեան կազմութեան առումով արձանագրուած իւրաքանչիւր դանդաղ քայլ կամ յաւելեալ պայմաններու պարտադրում` լիբանանցիներուն հաշուոյն ոճիր գործելու համազօր է: