Հըզպալլայի մարտական առաջնորդներէն Ապպաս Եաթամայի նահատակութեան եօթնօրէքին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ նահատակ մարտիկին յատկանիշներուն, Դիմադրութեան մէջ անոր կազմաւորումին, նուիրուածութեան եւ զոհողութիւններուն:
Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ ճակատամարտերը ամերիկեան դեսպանատունը կը մղէ` աւելցնելով, որ 2005-էն ի վեր անոնք կը ձախողին:
«2006-էն անոնք գրաւ դրած էին ճզմելու Դիմադրութիւնը. ձախողեցան: 2008-ի մայիսին գրաւ դրին Դիմադրութեան եւ լիբանանեան բանակին միջեւ բախումի. դարձեալ ձախողեցան: Լիբանանի ամերիկեան դեսպանատունը երկրին բոլոր հարցերուն միջամուխ կը դառնայ, նոյնիսկ` պենզինին, մազութին, դեղորայքին եւ քաղաքապետութիւններուն: Դեսպանատունը կը փափաքի, որ երկիրը քաոսի վերածուի, լիբանանեան հասարակութիւնը եւ լիբանանցի քաղաքացիին արժանապատուութիւնը հարուած ստանան, եւ ժողովուրդին ապրուստը թիրախ դառնայ: Ո՛վ որ կը կարծէ, թէ այս բոլորին մէջ Հըզպալլան է միակ թիրախը, կը սխալի, որովհետեւ բոլորս թիրախ ենք, ու պահանջուածը այն է, որ ժողովուրդը այդքան խանգարուի, որ իրարու սպաննելու սկսի: Պահանջուածը պետութեան, համայնքներուն եւ հասարակութեան անկումն է, եւ ոչ միայն Հըզպալլայի», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ վառելանիւթով բեռցուած իրանեան երկրորդ նաւը քանի մը օրէն պիտի նաւարկէ, եւ անոր պիտի յաջորդեն այլ նաւեր: «Հարցը մէկ կամ երկու նաւով պիտի չաւարտի, այլ` անիկա պիտի վերածուի առանցքի մը, այնքան ատեն որ Լիբանան վառելանիւթի կարիք ունի: Ընդունելի քանակութեամբ վառելանիւթ պիտի ապահովենք` մեղմացնելու համար նաւթ ներածող ընկերութիւններուն եւ կայարաններուն վրայ բանեցուող ճնշումը», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ իրենց ապահովելիք վառելանիւթը բոլոր լիբանանցիներուն է, որովհետեւ այդ վառելանիւթը պահանջելը լիբանանցիներուն օժանդակելու նպատակով կը կատարուի: «Մենք պետութիւնը չենք փոխարիներ, ո՛չ ալ նաւթ ներածող ընկերութիւնները կամ կայարանները, ոչ ոքի հետ կը փափաքինք մրցիլ, այլ` կ՛ուզենք սեւ շուկան ու շահագործումը վերացնելով ժողովուրդին բեռը թեթեւցնել», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ իրեն հասած են այնպիսի տեղեկագիրներ, թէ նաւթ ներածող ընկերութիւնները տասնեակ միլիոնաւոր լիթրի պենզին եւ մազութ ունին, եւ ընդգծեց, որ այդ չարաշահողները պէտք է բանտարկուին:
Անդրադառնալով ամերիկեան դեսպանատան կողմէ եգիպտական կազ արտահանելու մասին յայտարարութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ այդ քայլը Միջազգային դրամատան հետ բանակցութիւններու եւ վերջինիս հաւանութեան կարիքն ունի, ինչպէս նաեւ կարիքը կայ Սուրիոյ հետ բանակցելու:
«Այս իմաստով կարեւոր է գիտնալ, որ ամերիկացի դեսպանին առաջարկը վեց ամիսէն մէկ տարուան ժամանակ խլող աշխատանք է, իսկ այդ առաջարկին մասին խօսիլն անգամ իր հասցէին դատապարտում է, որովհետեւ լիբանանցիները գիտեն, որ եգիպտական կազն ու յորդանանեան ելեկտրականութիւնը, որոնց շուրջ տարիներ առաջ աշխատանք կը տարուէր, կասեցուեցան ամերիկեան վեթոյով: Ամերիկացի դեսպանը մեզի հեքիաթներու մասին կը խօսի, սակայն մենք բնաւ պիտի չնեղանանք, եթէ անոնք իրականութիւն դառնան, որովհետեւ ատիկա շրջափակումի խզում պիտի ապահովէ», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ կան շարք մը երկիրներ, որոնք կրնան օժանդակել Լիբանանին, սակայն Միացեալ Նահանգներ կ՛արգիլեն այդ ընթացքը` վեթոյի ենթարկելով: «Ուրեմն եթէ ամերիկացի դեսպանը կը փափաքի օժանդակել Լիբանանին, ապա կրնայ ամերիկեան վարչակազմը համոզել` Լիբանանի օժանդակել ցանկացող երկիրներուն վրայէն ամերիկեան վեթոն վերացնելու կարեւորութեամբ», ընդգծեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց նաեւ, որ ինք կը փափաքի Լիբանանի նոր կազմուելիք կառավարութեան առաջարկել, թէ կան նաւթ ու բնական կազի պեղումներ կատարող եւ արտահանող իրանեան ընկերութիւններ, որոնք չեն վախնար իսրայէլեան ռմբակոծումներէն:
«Տակաւին կը գտնուինք ճակատամարտին խորերը եւ կարիքը ունինք համբերութեան, իմաստուն որոշումներու, հանդուրժողութեան եւ գիտակցութեան, որպէսզի յաջողութեամբ դուրս գանք այս ճակատամարտէն, որուն աւարտին կախարդը ինք պիտի իյնայ իր կախարդանքին մէջ, իսկ մենք աւելի զօրացած դուրս պիտի գանք անկէ», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա: