Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Պալատ. «Լուծումը Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Կառավարութեան Կազմութիւնն Է» Շեշտեց Պըրրի

Օգոստոս 21, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի  երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի նիստին, որ յատկացուած էր կարդալու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի այն նամակը, որ կը վերաբերէր Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի կողմէ վառելանիւթին յատկացուող նպաստը կասեցնելու որոշումէն ետք երկրին տնտեսական ու ապրուստի պայմանները քննարկելու եւ համապատասխան որոշում տալու:

Նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով երեսփոխան Մուսթաֆա Հիւսէյնիի մահուան յիշատակը:

Նիստին ընթացքին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կոչ ուղղեց Ելեկտրականութեան ընկերութեան անմիջական առ հաշիւ գումար մը տրամադրելու` մեղմացնելու համար ելեկտրածին շարժակներու բաժանորդագրութեան համար քաղաքացիներուն վճարելիք հսկայական գումարները:

Պասիլ խստիւ դատապարտեց Ռիատ Սալամէի որոշումը` զայն նկատելով քաոս յառաջացնող եւ ինքնագլուխ որոշում մը, որուն հետեւանքը պիտի ըլլայ ապահովական պայթում մը:

Պասիլ Ռիատ Սալամէի որոշումը նկատեց տնտեսական շրջափակումի ծիրին մէջ տրուած որոշում:

Պասիլ նշեց, որ բոլորին նպատակը հանրապետութեան նախագահը միակ պատասխանատուն նկատելն է եւ զայն պաշտօնանկ ընելը, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հարուած հասցնելը` լիբանանցիները նուաստացնելու, անոնց առողջութիւնը վատթարացնելու եւ նոյնիսկ անոնց արեան հաշուոյն:

«Իսկ նախագահը պաշտօնանկ ընելէ եւ Ազգային ազատ հոսանքը հարուածելէ ետք, կարգը կը հասնի Դիմադրութեան», ըսաւ Պասիլ` անդրադառնալով Լիբանանը տնտեսապէս շրջափակելու արտաքին դաւադրութեան:

Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, թէ Լիբանան տնտեսական շրջափակումի չէ ենթարկուած, այլ` կը կրէ ամբողջ աշխարհին հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն քանդումին հետեւանքը` փտածութեան, իշխանութիւնը բաժնուելու ախորժակներուն եւ իշխանութեան տիրելու ջանքերուն պատճառով:

Ատուան շեշտեց, որ ներկայ իշխանութիւնն է, որ շրջափակած է երկիրը:

Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ յայտնեց, որ ամէնէն արագ լուծումը կարելի է ապահովել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմաց ծառացող հանգոյցներուն վերջ տալով:

Ան կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւնը եւ խորհրդարանը չհրաւիրելու` լիբանանցիներուն պատկանող գումարները գրաւելու քայլին: «Այդ առաջարկը կը մերժենք», ըսաւ ան:

Երկրին մէջ տիրող տնտեսական եւ ապրուստի պայմանները քննարկելու եւ համապատասխան որոշում տալու նպատակով կայացած խորհրդարանի նիստը վերածուեցաւ փոխադարձ ամբաստանութեան նիստի մը, որուն ընթացքին քաղաքական ուժերը իրարու ամբաստանեցին:

Աւելի՛ն. նիստին ընթացքին Պասիլի եւ Պըրրիի միջեւ արձանագրուեցաւ բանավէճ մը, որուն շրջագիծին մէջ Պասիլ հարց տուաւ, որ եթէ իբրեւ երեսփոխաններ այսօրուան նիստին ընթացքին չկարենան որոշում տալ, ապա ի՞նչ իմաստ ունի խորհրդարանին մաս կազմելը:

Այս արտայայտութեան Պըրրի պատասխանեց. «Ո՛չ ոք թող սպառնայ մեզի. ո՛վ որ կ՛ուզէ հրաժարիլ, թող հրաժարի»:

Պասիլ իր կարգին տուաւ հետեւեալ պատասխանը. «Չեմ սպառնար, այլ խորհրդարանէն կը պահանջեմ կեցուածք ճշդել»:

Նիստին ընթացքին Ազգային ազատ հոսանք եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնները համաձայն գտնուեցան, որ նպաստը ամբողջութեամբ վերցուի, սակայն աստիճանաբար եւ հատուցման քարտի վաւերացումով: Մուսթաքպալ պլոքն ու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը համաձայն գտնուեցան, որ վառելանիւթի ու դեղորայքի ներածումը ազատականացուի:

Ամալ շարժումն ու Մուսթաքպալ հոսանքը հիմնական լուծումը տեսան նոր կառավարութեան կազմութեան մէջ:

Իսկ Հըզպալլա, որ իր կարգին կառավարութեան կազմութիւնը լուծում նկատեց` մէկ քայլ առաջ գնաց Ռիատ Սալամէի որոշումը դատապարտելով եւ անոր որոշումը նկատելով շշմեցնող:

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Քանի Մը Ժամէն Վառելանիւթով Բեռցուած Իրանեան Առաջին Նաւը Պիտի Նաւարկէ Դէպի Լիբանան»

Յաջորդը

Մինչ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Շարունակուի, Վառելանիւթի Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սրի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?