Լիբանանեան

Պաապտայի Մէջ.   «Կառավարութեան Կազմութենէն Քանի Մը Մեթր  Հեռաւորութեան Վրայ Կը Գտնուինք»  Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Պաապտայի Մէջ. «Կառավարութեան Կազմութենէն Քանի Մը Մեթր Հեռաւորութեան Վրայ Կը Գտնուինք» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:50-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը չեն քննարկած` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութենէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին: «Ամէն ջանք ի գործ կը դնենք վերացնելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքները եւ...

«Լիբանան Միշտ Խաղաղութեան Կոչ Կ՛ուղղէ  Երկիրներու Եւ Ժողովուրդներու Միջեւ»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Լիբանան Միշտ Խաղաղութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Երկիրներու Եւ Ժողովուրդներու Միջեւ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Նիքոլա Սելաքովիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սերպական երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ բոլոր մարզերուն մէջ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: Նախագահ Աուն նշեց, որ այդ յարաբերութիւնները հինէն կու գան եւ պատմական են: «Լիբանան միշտ խաղաղութեան կոչ կ՛ուղղէ երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ», ըսաւ նախագահ Աուն եւ Սելաքովիչին ներկայացուց Լիբանանի դիմագրաւած տագնապալի պայմանները` տնտեսական,...

Բանակը Հարիւր Հազարաւոր Լիթրի Պենզին  Եւ Մազութ Կը Բացայայտէ  Տարբեր Պահեստանոցներու Մէջ

Բանակը Հարիւր Հազարաւոր Լիթրի Պենզին Եւ Մազութ Կը Բացայայտէ Տարբեր Պահեստանոցներու Մէջ

Լիբանանի տարածքին գործող պենզինի կայարաններուն առջեւ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները վերածուած են էքշըն ժապաւէններու, որոնք կը նկարահանուին կայարանին դիմաց պենզին ստանալու հերթ սպասող հարիւրաւոր քաղաքացիներուն կողմէ: Որքան ալ ողբերգական ըլլայ այս պատկերը, անպայման որ սակայն արկած մը կը պատահի այդ կայարաններուն առջեւ, ուր մարդիկ օրուան ծանր պայմաններէն, կենցաղային ահաւոր տագնապներէն ճնշուած կը պոռթկան ու կը ստեղծեն կռիւ, ծեծկռտուք, երբեմն նաեւ կրակոց...

Տիապ Ընդունեց Եգիպտացի Բժիշկներու  Պատուիրակութիւն Մը

Տիապ Ընդունեց Եգիպտացի Բժիշկներու Պատուիրակութիւն Մը

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց եգիպտացի բժիշկներու պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց Աքքարի պայթումին վիրաւորներուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյր եւ Տիապի խորհրդատու Խտըր Թալեպ: Եգիպտական պատուիրակութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց Լիբանանին տրամադրելու բոլոր այն օժանդակութիւնները, որոնց կարիքը կայ: Տիապ շնորհակալութիւն յայտնեց Եգիպտոսին` Լիբանանի հանդէպ անոր ցուցաբերած մնայուն զօրակցութեան համար:  

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1178 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ: ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կոչ ուղղեց Թլէյլի պայթումին զոհերը նկատելու Լիբանանի նահատակներ: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ եւ հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան զգուշացուց, որ հաղորդակցութեան միջոցները որեւէ ատեն կրնան ընդհատուիլ` մազութի չգոյութեան պատճառով: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան...

Աքքարի Թլէյլ Գիւղաքաղաքին Մէջ.   Պենզինի Պահեստանոցի Մը Պայթումը  Կը Պատճառէ 28 Զոհեր Եւ 80 Վիրաւորներ

Աքքարի Թլէյլ Գիւղաքաղաքին Մէջ. Պենզինի Պահեստանոցի Մը Պայթումը Կը Պատճառէ 28 Զոհեր Եւ 80 Վիրաւորներ

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի կիրակին Լիբանանի համար եղաւ ահռելի: Առաւօտեան լիբանանցիները արթնցան ցնցիչ տեսարաններով, պենզինի սիթեռնին պատճառած հրդեհին հուրով հրկիզուող քաղաքացիներու, ածխացած դիակներու լուսանկարներով եւ վիտէոներով, որոնք ամբողջ օրուան ընթացքին շարունակուեցան` աւելի ուշ վերածուելով հիւանդանոցներէն հնչող աղաղակներու: Սահմռկեցուցիչ ու ահռելի պատկերներ, որոնք իւրաքանչիւր քաղաքացի կը մղեն բարձրաձայն հարցնելու նոյն հարցումը` «Աստուած իմ, տակաւին ի՞նչ պիտի տեսնենք», եւ ներքուստ ապրելու «Արդեօք...

Միքաթի. «Կառավարութեան Կազմութեան  Հաւանականութիւնը Աւելի Բարձր Է` Քան Հրաժարիլս»

Միքաթի. «Կառավարութեան Կազմութեան Հաւանականութիւնը Աւելի Բարձր Է` Քան Հրաժարիլս»

Անցեալ շաբաթ յետմիջօրէին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ կայացաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին Միքաթի նախագահ Աունին ներկայացուց կարգ մը նոր պահանջներ, որոնք քաղաքական որոշ ուժեր յայտնած են վարչապետին: Թէեւ հանդիպումը մնաց տեղեկատուութեան տեսադաշտէն հեռու, սակայն հանդիպումին ընթացքին իշխանութեան երկու պետերը հաստատեցին, որ պիտի ջանան լուծել այդ պահանջներուն վերաբերող հարցերը: Միւս կողմէ, շաբաթ գիշեր նախագահ Աուն...

Ժիպէյլի Հայկական Թաղամասը  Խափանարարութեան Ենթարկուեցաւ

Ժիպէյլի Հայկական Թաղամասը Խափանարարութեան Ենթարկուեցաւ

Անցեալ հինգշաբթի, 12 օգոստոսէն ուրբաթ, 13 օգոստոս լուսցող գիշերուան ընթացքին, Ժիպէյլի հայկական թաղամասը խափանարարութեան ենթարկուած է եւ թաղամասին ցուցանակը քանդուած: Ժիպէյլի հայութիւնը, շրջանի կոմիտէն, ինչպէս նաեւ տեղական պատասխանատուները եւ մամուլը խստօրէն դատապարտեցին այս քստմնելի արարքը եւ պահանջեցին պատահարի ծալքերուն ամբողջական բացայայտումը: Անոնք անհրաժեշտ նկատեցին, որ ապահովական ուժերուն կողմէ պատասխանատուութեան կանչուին դէպքին հեղինակները` հաստատելով, որ այդ արարքը Ժիպէյլ քաղաքին քաղաքակիրթ ու...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Բ.) Առցանց Լսարաններու Երեւոյթը

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 16 օգոստոս 2021¬ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 17 օգոստոսին:

Լիբանանի Պայմանները Իսկապէս  Դժոխային Կը Դառնան

Լիբանանի Պայմանները Իսկապէս Դժոխային Կը Դառնան

Լիբանանի մէջ տիրող պայմանները իսկապէս սկսած են դժոխային դառնալ` իբրեւ հետեւանք վառելանիւթի չգոյութեան, որուն պատճառով նաեւ ելեկտրականութեան տագնապին, հիւանդանոցներու տագնապին, սղութեան, անօթութեան, աղքատութեան, որոնց վրայ երէկ աւելցաւ նաեւ հացի տագնապը: Անքուն, բնական կերպով սնունդ չստացող եւ իր մարդկային տարրական կարիքներէն զրկուած լիբանանցի քաղաքացին կրնայ հաստատել, որ պետութիւնը զինք ողջ-ողջ կը սպաննէ: Երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին պենզինի կայարաններուն եւ փուռերուն դիմաց...

Պաապտայի Մէջ.   «Անհրաժեշտ Է Կազմել Բարեկարգումներ Իրագործելու  Ատակ Կառավարութիւն Մը, Իսկ Դժուարութիւնները  Դիմագրաւելու Առումով Պատասխանատու Են Բոլորը»   Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Պաապտայի Մէջ. «Անհրաժեշտ Է Կազմել Բարեկարգումներ Իրագործելու Ատակ Կառավարութիւն Մը, Իսկ Դժուարութիւնները Դիմագրաւելու Առումով Պատասխանատու Են Բոլորը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող տագնապները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը Պաապտայէն կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց բարեկարգումներ իրագործելու ատակ կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը: Ան նշեց, որ բարեկարգումներու իրականացումը լուծումներու յանգելու համար կարեւոր ելք մըն է` աւելցնելով, որ երկրին դժուարութիւնները...

Զօր. Աուն Հանդիպում Մը Ունեցաւ Ապահովական  Կառոյցներու Պետերուն Հետ

Զօր. Աուն Հանդիպում Մը Ունեցաւ Ապահովական Կառոյցներու Պետերուն Հետ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ապահովական կառոյցներու պետերը` Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպան, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Անթուան Քահուաժին, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի օգնական գնդապետ Սամիր Սինանը, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետ հարիւրապետ Խալետ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1632 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Հասսան Տիապ երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան երկուշաբթի, 16 օգոստոս 2021-ին: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ փտածութեան նախաքայլը այն է որ...

Ռիատ Սալամէ Կ՛որոշէ Վերջ Տալ  Վառելանիւթի Նպաստին.   Հանրապետութեան Նախագահն Ու Ընթացիկ  Հարցերու Կառավարութիւնը Կը Մերժեն Որոշումը

Ռիատ Սալամէ Կ՛որոշէ Վերջ Տալ Վառելանիւթի Նպաստին. Հանրապետութեան Նախագահն Ու Ընթացիկ Հարցերու Կառավարութիւնը Կը Մերժեն Որոշումը

Նախանցեալ օր ուշ գիշերին շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ վառելանիւթին տրամադրուած նիւթական նպաստը դադրեցնելու մասին Կեդրոնական դրամատան որոշումը, ինչ որ պատճառ դարձաւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ ճամբաներու փակումին եւ կարգ մը խուլիկանութիւններու ու անկարգութիւններու: Այս որոշումին լոյսին տակ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն հրաւիրեց նախագահական պալատ: Կէսօրին նախագահական պալատին մէջ գումարուեցաւ նիստ մը, որուն նախագահեց...

Վարչապետ Միքաթի Յառաջիկայ  Շաբաթ Կը Վերադառնայ Պաապտա

Վարչապետ Միքաթի Յառաջիկայ Շաբաթ Կը Վերադառնայ Պաապտա

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններն ու այդ հոլովոյթիին կապուած զարգացումները: Կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Միքաթի մեկնեցաւ նախագահական պալատէն` յայտնելով, որ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Յատուկ  Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Առկախուեցաւ`  Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Յատուկ Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Առկախուեցաւ` Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին կատարուած ամբաստանութիւնը ըստ 13/90 օրէնքի թիւ 22 կէտին քննարկելու համար հրաւիրուած խորհրդարանի լիագումար նիստը երէկ առկախուեցաւ: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի գիտնալով հանդերձ, որ խորհրդարանին մեծամասնութիւնը պիտի չներկայանայ նիստի, օր մը առաջ չյետաձգեց նիստը, այլ` առկախեց զայն, երբ ի յայտ եկաւ, որ միայն 39 երեսփոխաններ ներկայացան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատ` ներկայ գտնուելու համար խորհրդարանի նիստին: Խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան...

Յ. Բագրատունի Եւ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան  Այցելեցին «Սանթա Մարիա» Բժշկական Կեդրոն

Յ. Բագրատունի Եւ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեցին «Սանթա Մարիա» Բժշկական Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային հարցերու պատասխանատու Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան այցելեցին «Սանթա Մարիա» բժշկական կեդրոն, ուր անոնք դիմաւորուեցան հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյնա Ժոզեֆ Հարպի եւ հանրային կապերու տնօրէն Ռիթա Ֆայեզ Ղոսընի կողմէ: Յ. Բագրատունի եւ Վ. Օհանեան-Գէորգեան շրջեցան բժշկական կեդրոնին մէջ եւ այցելեցին հոն բժշկուող պարագաներուն ու տարեցներուն, ինչպէս նաեւ կեդրոնին մասին բացատրութիւններ լսեցին...

Իսրայէլ Վար Կ՛առնէ Հըզպալլային  Պատկանող Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Իսրայէլ Վար Կ՛առնէ Հըզպալլային Պատկանող Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ գիշեր ժամը 9:00-ին յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը վար առած են Հըզպալլային պատկանող անօդաչու թռչող սարք մը, որ Լիբանանի սահմանը խզելով հասած է Իսրայէլ: Ատրահի հաստատեց, որ իսրայէլեան ուժերը լաւապէս հետապնդած են անօդաչու թռչող սարքը եւ պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը` արգիլելու համար իսրայէլեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն նկատուող որեւէ փորձ:

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը  Պիտի Չմասնակցի Խորհրդարանի Այսօրուան Նիստին

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Պիտի Չմասնակցի Խորհրդարանի Այսօրուան Նիստին

Երէկ երեկոյեան Հայկական երեսփոխանական պլոքը «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց խորհրդարանի գումարելիք այսօրուան նիստին օրակարգը: Մեկնելով Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի այն յայտարարութենէն, թէ անհրաժեշտ է հեռու մնալ աւելորդաբանութիւններէ եւ համախոհութիւն գոյացնել` չկորսնցնելու համար ճշմարտութեան եւ արդարութեան հասնելու բուն նպատակը, պլոքը որոշեց չմասնակցիլ խորհրդարանի այսօրուան նիստին: Նշենք, որ երեսփոխան Յ. Բագրատունի «Նիտա Ուաթան»-ի հետ...

Մեծ Թիւով Երեսփոխանական Պլոքներ  Կը Մերժեն Մասնակցիլ Պըրրիի  Հրաւիրած Այսօրուան Նիստին

Մեծ Թիւով Երեսփոխանական Պլոքներ Կը Մերժեն Մասնակցիլ Պըրրիի Հրաւիրած Այսօրուան Նիստին

Խորհրդարանը բաղկացնող մեծ թիւով երեսփոխանական պլոքներ երէկ մերժեցին մասնակցիլ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրած այսօրուան նիստին, որ պիտի գումարուէր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ` քննարկելու համար Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին կատարուած ամբաստանութիւնը, ըստ 13/90 օրէնքի թիւ 22 կէտին: (Նշենք, որ 13/90 օրէնքը կը վերաբերի Նախագահներու, նախարարներու եւ երեսփոխաններու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդին): Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Հզօր Լիբանան...

Page 398 of 988 1 … 397 398 399 … 988

Արխիւներ