Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ 2021-2022 կրթական տարեշրջանին եւ վերամուտի հաւանական թուականին:
Միւս կողմէ, սակայն, շաբաթ գիշեր Մաժզուպ յայտնած էր, թէ վերամուտը 27 սեպտեմբեր 2021-ին է` աւելցնելով, որ անիկա պիտի ըլլայ դպրոց վերադարձի սովորական թուական մը, հետեւաբար ներկայութիւնը դարձեալ պիտի ըլլայ շատ կարեւոր:
Նշենք, որ Մաժզուպի կատարած յայտարարութեան իբրեւ պատասխան, պետական դպրոցներու հետ պայմանագիր ստորագրած երկրորդական կարգերու ուսուցիչները անմիջապէս հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ նախարարութեան ներկայացուց հիմնական վեց պահանջներ, որոնց գործադրումը ուսուցիչները անհրաժեշտ կը նկատեն` վերամուտը կատարելու:
Անոնք պահանջեցին.
Ա) Զիրենք նկատի ունենալ կառավարութեան վաւերացնելիք հատուցման քարտի ծառայութեան մէջ:
Բ) 2021-2022 կրթական տարեշրջանին դասաւանդելու պայմանագիրը ամբողջութեամբ վաւերացնել, որպէսզի այս հարցը իւրաքանչիւր դպրոցի եւ տնօրէնի քմահաճոյքին չձգուի:
Գ) Պայմանագիր ստորագրած ուսուցիչներուն ժամական աշխատավարձը վերատեսութեան ենթարկել` նախքան վերամուտը:
Դ) Պայմանագիր ստորագրած ուսուցիչներուն օրական 24.000 լ. ոսկիի փոխադրածախս տրամադրել:
Ե) Առողջապահական եւ բուժման ծառայութիւններ մատուցել պայմանագիր ստորագրած բոլոր ուսուցիչներուն:
Զ) 2021-2022 կրթական տարեշրջանին ընթացքին ուսուցիչներուն ամսական աշխատավարձը ամսական դրութեամբ տրամադրել: