Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Օդուժը Լիբանանէն Կը Ռմբակոծէ Սուրիան

Օգոստոս 21, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան օդուժը հինգշաբթի, 19 օգոստոս 2021-ի ուշ գիշերին թռիչքներ գործեց Լիբանանի վերեւ եւ լիբանանեան օդային տարածքէն ռմբակոծեց Սուրիան:

Իսրայէլի գործած այս արարքը Պէյրութը եւ Դամասկոսը մղեցին պահանջելու ՄԱԿ-էն, որ ստանձնէ իր պարտականութիւնները եւ արգիլէ իսրայէլեան յարձակումներուն եւ բռնարարքներուն կրկնութիւնը:

Սուրիական «ՍԱՆԱ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծած է հարաւարեւելեան Պէյրութէն` թիրախ դարձնելով Դամասկոսի եւ Հոմսի մէջ որոշ կէտեր:

Սուրիական ընդդիմութիւնը ներկայացնող Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը իր կարգին յայտնեց, որ իսրայէլեան օդուժը թիրախ դարձուցած է Հըզպալլայի զէնքի ու զինամթերքի ամբարման պահեստանոց մը, որ կը գտնուէր Ռիֆ Տիմաշքի մէջ:

Նոյն աղբիւրին համաձայն, իսրայէլեան այս ռմբակոծումին ընթացքին զոհուած են Հըզպալլայի չորս մարտիկներ` սուրիական եւ լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունեցող, ինչպէս նաեւ վիրաւորուած են ուրիշներ, որոնց շարքին` ծանրօրէն վիրաւորուած պարագաներ:

Տարածուեցան նաեւ այնպիսի լուրեր, թէ իսրայէլեան ռմբաձիգներուն այս անխոհեմ քայլը կրնար պատճառ դառնալ հարիւրաւոր ճամբորդներու մահուան` նկատի ունենալով, որ իսրայէլեան օդուժին քայլերը զուգադիպեցան քաղաքացիական օդանաւորդութեան երկու օդանաւերու թռիչքին:

Այս բռնարարքին լոյսին տակ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն ներկայութեան ան հաստատեց, որ իսրայէլեան օդուժին կողմէ լիբանանեան օդային սահմաններուն խզումը` Լիբանանի գերիշխանութեան եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ ոտնձգութիւն է:

«Հետեւաբար ՄԱԿ արագ կերպով պէտք է քայլերու դիմէ` երաշխաւորելու համար նման ոտնձգութեան չկրկնուիլը եւ Իսրայէլի զսպումը», շեշտեց նախագահ Աուն:

Խորհրդարանի նախագահ Նեհիհ Պըրրի դատապարտեց լիբանանեան օդային տարածքէն Սուրիան ռմբակոծելու իսրայէլեան օդուժին քայլը եւ հաստատեց. «Լիբանանեան օդային տարածքը իբրեւ մարտկոց օգտագործել` Սուրիան հարուածելու համար, ո՛չ միայն թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան բացայայտ խախտում է, այլեւ` Լիբանանի դէմ գործուած բռնարարք»:

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ ՄԱԿ-էն եւ միջազգային ընտանիքէն պահանջեց` Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել եւ երաշխաւորել Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը:

Փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր բողոքի նամակ մը յղեց ՄԱԿ-ին` Իսրայէլի գործած յարձակումներուն դէմ:

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ դարձեալ կոչ ուղղեց իսրայէլեան ուժերուն` վերջ տալու նման բռնարարքներու, որոնք կը ջլատեն սահմանային խաղաղութիւնը պահպանելու ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն ջանքերը:

 

 

Նախորդը

Ճատրակ. Էլինա Դանիէլեան Արժանացաւ Եւրոպայի Ախոյեանութեան Տիտղոսին

Յաջորդը

Քֆարտըպիանի Մէջ. Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հիմնարկէքը Կատարեց Միջին Արեւելքի Մէջ «Քրոս Քար»-ի Առաջին Մրցասպարէզին

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?