Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 500 վարակուածներ եւ մահացած 9 ուրիշներ: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումը հակակշիռի տակ պահելու իմաստով Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ առնուած քայլերը ապառողջ են: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ ընդգծեց, որ կառավարութեան նկատմամբ դրական մթնոլորտի եւ միջազգային զօրակցութեան ընդհանուր մօտեցումի մը գոյութիւնը...

«Կառավարութիւնը Յանձնառու Է Գործադրելու Բարեկարգումները, Իսկ Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Նաւթային Իր Բնական Հարստութեան»    Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Կառավարութիւնը Յանձնառու Է Գործադրելու Բարեկարգումները, Իսկ Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Նաւթային Իր Բնական Հարստութեան» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ՄԱԿ-ի 76-րդ Ընդհանուր ժողովին առցանց ուղղեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ անդրադարձաւ Լիբանանի իրավիճակին եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ քաղաքական երկարատեւ տագնապէ մը ետք լիբանանեան կառավարութիւնը կազմուեցաւ` սահմանադրական գործիքակազմին համաձայն: Կառավարութիւնը յանձնառու է գործադրելու ելեւմտական եւ տնտեսական պահանջուած բարեկարգումները, ինչպէս նաեւ պայքարելու փտածութեան դէմ: «Այդ պայքարին մեկնարկը տրուեցաւ Կեդրոնական դրամատան հաշիւներուն իրաւական...

Էլիզէի Մէջ.   Միքաթի. «Ֆրանսայի Նախագահը Պիտի Չարտօնէ, Որ Լիբանան Որեւէ Վտանգի Ենթարկուի»

Էլիզէի Մէջ. Միքաթի. «Ֆրանսայի Նախագահը Պիտի Չարտօնէ, Որ Լիբանան Որեւէ Վտանգի Ենթարկուի»

Մաքրոն. «Լիբանան Աւելի Լաւ Կացութեան Արժանի Է, Եւ Նորակազմ Կառավարութեան Հետ Աշխատանքը Պիտի Շարունակենք» Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ Էլիզէի պալատի մուտքին ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ ունեցաւ աշխատանքային հանդիպում մը` զայն դարձնելով իր ճաշի հիւրը: Հանդիպումէն ետք Էլիզէի պալատի շրջափակին մէջ տրուեցաւ մամլոյ միացեալ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Մաքրոն յայտնեց, որ Լիբանան իր ներկայ իրավիճակէն շատ աւելի լաւ...

Հացի Տագնապի Սեմին Չենք Գտնուիր

Հացի Տագնապի Սեմին Չենք Գտնուիր

Լեռնալիբանանի փուռերու սենտիքայի նախագահ Անթուան Սէյֆ յայտնեց, որ Լիբանան հացի տագնապի սեմին չի գտնուիր` աւելցնելով, որ փուռերը ազատ շուկայէն պիտի գնեն մազութը եւ ստանձնեն ծախսերը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ տնտեսութեան նախարարութեան հետ ուսումնասիրութիւն մը պատրաստել եւ սակացոյց մը ճշդել` ամսուան վերջը հրապարակուելիք սակացոյցին հիման վրայ: «Ինչ կը վերաբերի մէկ կապ լիբանանեան հացի սակին, ապա բնական է, որ ան աւելի սղի,...

Եոաննա Վրոնեցքա Այցելեց Պաշտպանութեան, Արդարութեան, Ելեւմուտքի Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարներուն

Եոաննա Վրոնեցքա Այցելեց Պաշտպանութեան, Արդարութեան, Ելեւմուտքի Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարներուն

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմի հետ եւ շնորհաւորեց զայն իր նոր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի տրամադրած օժանդակութիւնները, յատկապէս լիբանանեան բանակին տրամադրուած օժանդակութիւնն ու անցեալ երեքշաբթի օր լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան եւ «Փարիզ»-ի խորհրդաժողովին մասնակից բանակին օժանդակող երկիրներու դեսպաններուն մակարդակով տեղի ունեցած ընդարձակ հանդիպումին...

Իզէտտին Ներկայացուց Ընտրական Օրէնքի Բարեփոխման Առաջարկ Մը` Կիներու Ներկայացուցչութեան Մասնաբաժինին Վերաբերող

Իզէտտին Ներկայացուց Ընտրական Օրէնքի Բարեփոխման Առաջարկ Մը` Կիներու Ներկայացուցչութեան Մասնաբաժինին Վերաբերող

Կնոջ եւ երեխայի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ինայա Իզէտտին խորհրդարան ներկայացուց ընտրական օրէնքի բարեփոխման առաջարկ մը, որ կը վերաբերի խորհրդարանին մէջ կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինին: Իզէտտինի ներկայացուցած առաջարկին հիման վրայ կը նախատեսուի կիներուն իբրեւ մասնաբաժին յատկացնել 26 աթոռ խորհրդարանին մէջ: Իզէտտին հաստատեց, որ ընկերային արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու սկզբունքներէն մեկնելով կատարած է այդ առաջարկը, որովհետեւ լիբանանցի կինը Լիբանանի բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու...

Թոնի Ֆրենժիէ Այցելեց Մոսկուա

Թոնի Ֆրենժիէ Այցելեց Մոսկուա

Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ,  արտաքին գործոց փոխնախագահ Միխայէլ Պոկտանով երէկ Մոսկուայի մէջ ընդունեց երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէն` ընկերակցութեամբ նախկին նախարարներ Եուսեֆ Սաատէի եւ Միշել Նաժժարի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Անոնք մաղթեցին, որ Լիբանանը կարենայ դուրս գալ իր դիմագրաւած տագնապէն, յատկապէս` նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք: Հանդիպումին ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ ռուսական դերակատարութիւնը` շրջանին մէջ հաւասարակշռութիւնը...

Պետական Դպրոցներու Ուսուցիչները Կը Մերժեն Դպրոց Վերադառնալ` Մինչեւ Իրենց Բոլոր Պահանջներուն Գոհացումը

Պետական Դպրոցներու Ուսուցիչները Կը Մերժեն Դպրոց Վերադառնալ` Մինչեւ Իրենց Բոլոր Պահանջներուն Գոհացումը

Պետական դպրոցներուն մէջ պայմանագրութեամբ գործող ուսուցիչները հաստատեցին, որ իրենք կը մերժեն դպրոց վերադառնալ` մինչեւ իրենց բոլոր պահանջներուն գոհացումը: Ուսուցիչները շեշտեցին, որ իրենք իսկապէս կ՛ուզեն ամսական դրութեամբ ստանալ իրենց աշխատավարձը, իրենց աշխատանքի իւրաքանչիւր ժամուան համապատասխան յաւելում կը պահանջեն` նկատի ունենալով տիրող սղաճը: Անոնք պահանջեցին փոխադրածախսը 64.000 լ. ոսկիի վերածել` օրական դրութեամբ: Պահանջուեցաւ նաեւ կրթական տարեշրջանի տեւողութիւնը նկատի ունենան 30 շաբաթ եւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 603 վարակուածներ եւ մահացած 8 ուրիշներ: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները: Պըրրիի այցելեց նաեւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպը, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ...

Նախագահ Աուն Նախագահեց Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային Սահմանագծումի Անուղղակի Բանակցութիւնները Վարող Լիբանանեան Պատուիրակութեան Հանդիպումին

Նախագահ Աուն Նախագահեց Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային Սահմանագծումի Անուղղակի Բանակցութիւնները Վարող Լիբանանեան Պատուիրակութեան Հանդիպումին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ նախագահեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումին անուղղակի բանակցութիւնները վարող լիբանանեան պատուիրակութեան հանդիպումին, որուն ընթացքին արժեւորուեցան բանակցութիւններուն առանցքը եւ յաջորդող քայլերը` նկատի ունենալով, որ Իսրայէլ ամերիկեան ընկերութեան մը հետ համաձայնութիւն ստորագրած է ծովային վիճելի տարածքին մէջ նաւթ պեղելու նպատակով: Նախագահ Աուն ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ...

Քանաան. «Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Ելեւմուտքի Նախարարութեան Եւ Կեդրոնական Դրամատան Հետ Պիտի Գումարենք Նիստ Մը»

Քանաան. «Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Ելեւմուտքի Նախարարութեան Եւ Կեդրոնական Դրամատան Հետ Պիտի Գումարենք Նիստ Մը»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ եւ զբօսաշրջութեան նախարար Ուալիտ Նասսար: Նիստին ընթացքին յանձնախումբը վաւերացուց «Օժերօ»-ին յատկացուելիք 350 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը: Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին ելեւմուտքի նախարարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան հետ...

Ապտալլա Պու Հապիպ Սուրիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները Եւ Շնորհաւորագիր Մը Ստացաւ Իրանցի Իր Պաշտօնակիցէն

Ապտալլա Պու Հապիպ Սուրիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները Եւ Շնորհաւորագիր Մը Ստացաւ Իրանցի Իր Պաշտօնակիցէն

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որ շնորհաւորեց զինք եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ստանձնած նոր պաշտօնին համար: Ալի ընդգծեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ գործակցութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը: Ալի հաստատեց լիբանանեան-սուրիական եղբայրական յարաբերութիւնները պահպանելու կարեւորութիւնը: Ան նշեց, որ եգիպտական, յորդանանեան, սուրիական եւ լիբանանեան գործակցութիւնը չորս երկիրներու շահերուն կը ծառայէ:...

Մաուլաուի. «Սէուտական Արաբիոյ Ապահովութեան Սպառնացող Ամէն Տեսակ Վտանգ, Յատկապէս Թմրեցուցիչի Մաքսանենգումը Արգիլելու Յանձնառու Եմ»

Մաուլաուի. «Սէուտական Արաբիոյ Ապահովութեան Սպառնացող Ամէն Տեսակ Վտանգ, Յատկապէս Թմրեցուցիչի Մաքսանենգումը Արգիլելու Յանձնառու Եմ»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի Սէուտական Արաբիոյ ազգային տօնին առիթով յայտնեց, որ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները միշտ ալ եղբայրական եղած են` աւելցնելով, որ ինք իբրեւ ներքին գործոց նախարար յանձնառու է արգիլելու Սէուտական Արաբիոյ ապահովութեան սպառնացող ամէն տեսակի վտանգ, յատկապէս` թմրեցուցիչի մաքսանենգումը: Մաուլաուի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան...

Ապպաս Իպրահիմ. «Պըրրիի Դիրքին Եւ Արժանապատուութեան Նախանձախնդիր Ենք, Եւ Ոչ Ոք Կրնայ Մեր Միջեւ Յարաբերութիւնները Քանդել»

Ապպաս Իպրահիմ. «Պըրրիի Դիրքին Եւ Արժանապատուութեան Նախանձախնդիր Ենք, Եւ Ոչ Ոք Կրնայ Մեր Միջեւ Յարաբերութիւնները Քանդել»

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ ոմանք կը փորձեն իր եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ յարաբերութիւնները քանդել` աւելցնելով, որ անոնց փորձերը անյաջող դուրս պիտի գան: Իպրահիմ ընդգծեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ Պըրրիի դիրքին եւ արժանապատուութեան` հաստատելով, որ իրենց միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են: «Լիբանանի եւ անոր փառքը կերտելու առումով Պըրրիի, անոր անձին, պատմութեան, աշխատանքին եւ պայքարին...

Պայրամ. «Կը Փորձենք Արագօրէն Աշխատիլ` Բարելաւելու Համար Սեփական Մարզին Աշխատավարձը»

Պայրամ. «Կը Փորձենք Արագօրէն Աշխատիլ` Բարելաւելու Համար Սեփական Մարզին Աշխատավարձը»

Աշխատանքի նախարար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ պետական մարզի, ապահովական եւ զինուորական կառոյցներու պաշտօնեաներուն ապրուստի սղաճին յատուկ յաւելում պիտի տրամադրուի, «սակայն անիկա աշխատավարձի յաւելում չի նկատուիր, որովհետեւ այդ որոշումը խորհրդարանին իրաւասութիւնն է», ըսաւ ան: Պայրամ աւելցուց, որ այսօր իրենք կը փորձեն արագօրէն աշխատիլ` բարելաւելու համար սեփական մարզին աշխատավարձը: Ան հաստատեց, որ իր ձեռնարկած առաջին քայլը եղած է ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 602 վարակուածներ եւ մահացած 7 ուրիշներ: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ յայտնեց, որ հանրախանութներու եւ սննդեղէն ներածողներու հետ հանդիպումներ կ՛ունենայ` ճշդելու համար նոր սակերը: Սալամ հաստատեց, որ մէկ տոլարի դիմաց 15.000 լ. ոսկիի հիման վրայ պիտի ճշդուին նոր սակերը: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Տարուիշ յայտնեց, որ մօտիկ...

Վառելանիւթին Տրամադրուած Պետական Նպաստը Ջնջուեցաւ, Սակայն Պենզինի Եւ Մազութի Տագնապները Կը Յամենան

Վառելանիւթին Տրամադրուած Պետական Նպաստը Ջնջուեցաւ, Սակայն Պենզինի Եւ Մազութի Տագնապները Կը Յամենան

Հակառակ ոմանց կողմէ դրուած գրաւին, թէ վառելանիւթին տրամադրուած պետական նպաստին ջնջուելէն ետք պենզինի եւ մազութի տագնապները պիտի լուծուին, այդ տագնապները չեն լուծուած եւ կը յամենան: Մազութի տագնապը շատ աւելի սուր բնոյթ ստացած է` մութի մատնելով Լիբանանը: Մութի մատնուելու եւ ելեկտրականութիւն չունենալու շրջագիծին մէջ երէկ յետմիջօրէին ալրաղացներու համախմբումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ վեց ալրաղացներ անցեալ շաբթուընէ արդէն իսկ...

Յ. Թերզեան. «Աշխատանքային Ծրագիրին Մէջ Դատական Իշխանութեան Անկախութիւնը Ապահովելու Օրէնքն Ու Տնտեսութեան Անիւը Վերստին Շարժելու Ծրագիրները Ո՞ւր Են»

Յ. Թերզեան. «Աշխատանքային Ծրագիրին Մէջ Դատական Իշխանութեան Անկախութիւնը Ապահովելու Օրէնքն Ու Տնտեսութեան Անիւը Վերստին Շարժելու Ծրագիրները Ո՞ւր Են»

Կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու խորհրդարանի նիստին ընթացքին Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ,  երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի կատարած քննարկումը` խորհրդարանին ներկայացուած կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մասին. «Այսօր դարձեալ կը հանդիպինք, իսկ կացութիւնը, որ արտակարգ էր, այսօր շտապ դրութեան վերածուած է, պահանջները աւելցած են, հայրենիքը վիրաւոր է ու կ՛արիւնի, ժողովուրդը կը գտնուի անգերազանցելի ճնշումներու տակ` նկատի ունենալով անոր կարողութիւնները: Զայն միայն Աստուած կրնայ օգնել: Յուսախաբութիւնը...

Միքաթի Այսօր Պիտի Մեկնի Ֆրանսա

Միքաթի Այսօր Պիտի Մեկնի Ֆրանսա

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այսօր աշխատանքային այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Փարիզ: Կը նախատեսուի, որ վաղը` ուրբաթ, 24 սեպտեմբեր 2021-ին, Միքաթի Էլիզէի մէջ հանդիպում մը ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Ֆրանսա կատարելիք իր այցելութեան նախապատրաստութիւնները: Վարչապետը նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ...

Ճորճ Պուչիքեան. «Պէտք Է Կեդրոնանալ Մաքուր Արտադրութեան Եւ Օտար Դրամանիշի Ներածում Ապահովող Արդիւնաբերութեան Վրայ»

Ճորճ Պուչիքեան. «Պէտք Է Կեդրոնանալ Մաքուր Արտադրութեան Եւ Օտար Դրամանիշի Ներածում Ապահովող Արդիւնաբերութեան Վրայ»

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց սիմենթի ընկերութիւններու սեփականատէրերն ու տնօրէնները, որոնց կոչ ուղղեց կեդրոնանալու մաքուր արտադրութեան, ինչպէս նաեւ կենսոլորտային չափանիշներուն եւ ընկերային պատասխանատուութեան պահպանումին վրայ: Պուչիքեան շեշտեց, որ իրենց նպատակն է պահպանել առկայ ճարտարարուեստն ու սկսիլ այլ տեսակի արդիւնաբերութեան, որ տոլարի եւ օտար դրամանիշի ներածում կ՛ապահովէ` կասեցնելով տոլարի արտածումը: Պուչիքեան հաստատեց, որ ինք պիտի ջանայ գործակցիլ ներքին...

Page 389 of 988 1 … 388 389 390 … 988

Արխիւներ