Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի Սէուտական Արաբիոյ ազգային տօնին առիթով յայտնեց, որ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները միշտ ալ եղբայրական եղած են` աւելցնելով, որ ինք իբրեւ ներքին գործոց նախարար յանձնառու է արգիլելու Սէուտական Արաբիոյ ապահովութեան սպառնացող ամէն տեսակի վտանգ, յատկապէս` թմրեցուցիչի մաքսանենգումը:
Մաուլաուի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Վրոնեցքա յայտնեց, որ Մաուլաուիի հետ ունեցած է արդիւնաւէտ հանդիպում մը, որուն ընթացքին ընդգծուած է երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած ժամկէտին կատարելու անհրաժեշտութիւնը` երկրին սահմանադրութիւնը յարգելու համար:
Վրոնեցքա ընդգծեց, որ իբրեւ ՄԱԿ իրենք պատրաստ են Լիբանանին ընկերակցելու` այս դժուար եւ կարեւոր փուլին ընթացքին: «Երեսփոխանական ընտրութիւնները իւրաքանչիւր քաղաքացիի կը շնորհեն առիթ մը` իրենք զիրենք արտայայտելու եւ իրենց երկրին ապագան ընտրելու: Անիկա առիթ մըն է Լիբանանի համար` իբրեւ պետութիւն իր նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնելու: Մենք` իբրեւ միջազգային ընտանիք, միշտ կը քաջալերենք, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին, որովհետեւ անոնք ժողովրդավարութիւն կը դրսեւորեն», ըսաւ Վրոնեցքա` Լիբանանին բարգաւաճում մաղթելով:
Մաուլաուի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Գերմանիոյ եւ Աւստրալիոյ դեսպաններ Անտրէաս Քինտըլի եւ Ռեպեքա Կրինտլէյի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Մաուլաուիի այցելեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իյըն Քոլարտ. քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Մաուլաուի ընդունեց նաեւ երեսփոխան Սամի Ֆաթֆաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները: