Մաուլաուի Եւ Իպրահիմ Կ՛ընդգծեն Ընդհանուր Ապահովութեան Կառոյցին Կարեւորութիւնը
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան կեդրոնատեղի, ուր դիմաւորուեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին Մաուլաուի յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարը անկասկած հայրենիքին եւ քաղաքացիներուն ծառայութեան առաքելութիւնը ունի եւ անոնց տրամադրութեան տակ կը գտնուի, ներառեալ ժողովրդային շարժումը, զոր պէտք է լայն սրտով ընդունիլ: «Ժողովրդային շարժումը կը ներկայացնէ քաղաքացիներուն մէկ շերտը,...




















