Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութիւնը Յանձնառու Է Գործադրելու Բարեկարգումները, Իսկ Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Նաւթային Իր Բնական Հարստութեան» Շեշտեց Նախագահ Աուն

September 25, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ՄԱԿ-ի 76-րդ Ընդհանուր ժողովին առցանց ուղղեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ անդրադարձաւ Լիբանանի իրավիճակին եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ քաղաքական երկարատեւ տագնապէ մը ետք լիբանանեան կառավարութիւնը կազմուեցաւ` սահմանադրական գործիքակազմին համաձայն:

Կառավարութիւնը յանձնառու է գործադրելու ելեւմտական եւ տնտեսական պահանջուած բարեկարգումները, ինչպէս նաեւ պայքարելու փտածութեան դէմ:

«Այդ պայքարին մեկնարկը տրուեցաւ Կեդրոնական դրամատան հաշիւներուն իրաւական հաշուեքննութեան գործադրութեան սկիզբով` հիմնուելով հաշուետուութեան եւ թափանցիկութեան սկզբունքներուն վրայ: Այդ հաշուեքննութիւնը աւելի ուշ պիտի գործադրուի նաեւ այլ նախարարութիւններու եւ պետական հաստատութիւններու վարչութիւններու հաշիւներուն պարագային», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան իր յոյսը դրած է միջազգային ընտանիքին վրայ, որպէսզի ան ֆինանսաւորէ կենսական ծրագիրներ` պետական եւ սեփական մարզերուն պարագային, որպէսզի երկրին տնտեսական իրավիճակը բարելաւուի, եւ կարելի ըլլայ աշխատանքի առիթներ ստեղծել: «Մենք կը վստահինք միջազգային ընտանիքին այն առումով նաեւ, որ ան օժանդակէ Լիբանանին վերադարձնելու երկրին պետական գանձարկղէն իւրացուած եւ դուրս փոխանցուած գումարները», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին եւ Լիբանանի վրայ այդ իրականութեան ունեցած հետեւանքներուն:

Ան վերստին կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` օժանդակելու Լիբանանին, նախ եւ առաջ ապահովելով սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան ամէն իմաստով կը մերժէ սուրիացի տեղահանուածները միաձուլել լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատէ իր մերժումը Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներու վերաբնակեցման:

Նախագահ Աուն դատապարտեց լիբանանեան տնտեսական շրջանի սահմաններուն դէմ ոտնձգութեան որեւէ փորձ` հաստատելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ նաւթային իր բնական հարստութեան:

«Այս շրջագիծին մէջ Լիբանան կը պահանջէ վերսկսիլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն` միջազգային օրէնքին հիման վրայ, եւ կը հաստատէ, որ Լիբանան ոչ մէկ սակարկութիւն պիտի ընդունի եւ ոչ մէկ ձեւով իր իրաւունքներէն պիտի հրաժարի: Միջազգային ընտանիքին դերակատարութիւնն է զօրակցիլ Լիբանանին», շեշտեց նախագահ Աուն:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած առողջապահական, տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային եւ ապրուստի տագնապներուն, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումին` շնորհակալութիւն յայտնելով Լիբանանի տրամադրուած մարդասիրական բոլոր օժանդակութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ ողջունելով միջազգային որեւէ ջանք, որուն նպատակը պիտի ըլլայ Պէյրութի նաւահանգիստին վերակառուցումն ու բարգաւաճումը:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի պահանջած օժանդակութիւնները կ՛ընդգրկեն նաեւ նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան օժանդակող տեղեկութիւններ, «հետեւաբար այն պետութիւնները, որոնք տեղեկութիւններ ունին եւ կրնան օժանդակել հետաքննութեան հոլովոյթին ու արդարութեան հաստատումին, պէտք է աջակցութեան ձեռք երկարեն լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն», նկատել տուաւ նախագահ Աուն:

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց Պաապտա

Նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իրենք մեծ յոյսեր ունին, այնքան ատեն որ կայ կառավարութիւն, եւ կան յանձնառու ու ծանօթ անձեր:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի վրայ վախ չկայ եւ ան կրնայ զարգանալ:

«Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին կրած խորագիրները յուսադրիչ են,  եւ մենք մեր ամբողջական վստահութիւնը կը շնորհենք պատասխանատու իշխանութեան: Մեզի համար կարեւոր է աշխատիլ` ծառայելու համար հայրենիքին եւ բոլոր լիբանանցիներուն», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանան գերիշխան, ապահով եւ սահմանադրութիւն ունեցող երկիր է, ուր պետութիւնը պէտք է իր դերակատարութիւնը կատարէ:

Կոչ կ՛ուղղեմ լրագրողներուն Լիբանանի աղտոտ լուացքը բոլորին դիմաց չփռելու, այլեւ` տարածելու անոր դրական պատկերը:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն կառավարութեան աշխատանքին միջամուխ չդառնալու` ընդգծելով նաեւ, որ կրօնը պետութենէն անջատելը իր կարգին կարեւոր է:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ իրանեան վառելանիւթին Լիբանան մուտքը` սուրիական բանակին եւ Հըզպալլայի ապահովական իշխանութեան ներքեւ, խիստ մերժելի է, «եւ այդ մասին անդրադառնալով էր, որ ըսի, թէ այդ իրականութիւնը լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը խոցելի կը դարձնէ»:

Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն` Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ պէտք է հրապարակել օրէնք մը, որուն հիման վրայ արտերկրի լիբանանցիները կարենան մասնակցիլ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Նշենք նաեւ, որ Պաապտայի մէջ նախագահ Աուն ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատը, որուն հետ քննարկեց վառելանիւթի տագնապին հարցը եւ անոր ունեցած հետեւանքները` տիրող կացութեան վրայ, ինչպէս նաեւ այն դասաւորումները, որոնք պէտք է որդեգրուին` լուծելու համար ելեկտրական հոսանքի հարցը:

 

Նախորդը

Էլիզէի Մէջ. Միքաթի. «Ֆրանսայի Նախագահը Պիտի Չարտօնէ, Որ Լիբանան Որեւէ Վտանգի Ենթարկուի»

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ին Շնորհեց Եկեղեցական Հաղորդութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.