Լեռնալիբանանի փուռերու սենտիքայի նախագահ Անթուան Սէյֆ յայտնեց, որ Լիբանան հացի տագնապի սեմին չի գտնուիր` աւելցնելով, որ փուռերը ազատ շուկայէն պիտի գնեն մազութը եւ ստանձնեն ծախսերը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ տնտեսութեան նախարարութեան հետ ուսումնասիրութիւն մը պատրաստել եւ սակացոյց մը ճշդել` ամսուան վերջը հրապարակուելիք սակացոյցին հիման վրայ:
«Ինչ կը վերաբերի մէկ կապ լիբանանեան հացի սակին, ապա բնական է, որ ան աւելի սղի, երբ մազութի առքին տրամադրուած պետական նպաստը կը ջնջուի: Բայց եւ այնպէս հացի սակը շատ պիտի չսղի, այլ միայն 500 կամ 1000 լ. ոսկի, ոչ աւելի», ըսաւ Սէյֆ:
Նշենք, որ «Սփինիզ» հանրախանութներու ցանցի ընդհանուր տնօրէն Հասսան Իզէտտին վերահաստատեց, որ հանրախանութներու սենտիքան յանձնառու կը մնայ տնտեսութեան նախարարութեան որոշումներուն, ինչպէս նաեւ կը գործակցի բոլոր կողմերուն հետ` յանգելու համար միօրինակ սակերու, որպէսզի լիբանանցիին գնելու կարողութիւնը վերահաստատուի:
Իզէտտին հաստատեց, որ հանրախանութին մէջ գտնուող ապրանքներուն 60 առ հարիւրին սակը նուազած է` աւելցնելով սակայն, որ դարձեալ անոնց սղիլը ուղղակիօրէն կախեալ է ամերիկեան տոլարի գինին ապակայուն վիճակէն, որ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ վառելանիւթին եւ ներածումի հոլովոյթին վրայ:
Միւս կողմէ, վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի անդամ Ժորժ Պրաքս անդրադարձաւ կայարաններուն դիմաց հերթերու նուազումին եւ ըսաւ. «Այս հանգստութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ այս ամսուան վերջը»:



