Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 27, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 500 վարակուածներ եւ մահացած 9 ուրիշներ:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումը հակակշիռի տակ պահելու իմաստով Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ առնուած քայլերը ապառողջ են:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ ընդգծեց, որ կառավարութեան նկատմամբ դրական մթնոլորտի եւ միջազգային զօրակցութեան ընդհանուր մօտեցումի մը գոյութիւնը յստակ է:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնն ու երկրագործութեան նախարարութիւնը Լիբանանի բարեկամ բոլոր երկիրներուն օժանդակութեան կարիքը ունին:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել երեսփոխանական պլոքը շաբաթավերջին գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ քաղաքական եւ տնտեսական բարեկարգումներ կատարելու, փտածութեան դէմ պայքարելու եւ արտադրողական տնտեսութիւն մը հիմնելու կարեւորութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ շաբաթավերջին Մուխթարայի պալատին մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնց հետ քննարկեց անոնց ընկերային ու կենցաղային կարիքները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ունեցած արտաքին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները անհրաժեշտ քայլեր կը նկատուին` պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը ամրապնդելու:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին բացուած հետաքննութեան` հաստատելով, որ ոչ մէկ պատասխանատու պէտք է անձեռնմխելիութեան իր իրաւունքին ետին պահուըտի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի հետեւորդ կարգ մը կազմակերպութիւնները կողմնակալ կերպով կը գործեն:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ շեշտեց, որ Հըզպալլա հսկայական շահեր կ՛ապահովէ` իրանեան նաւթի վաճառքէն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Պեքաայի մէջ բացայայտուած ամոնիում նայթրէյթի իսկական աղբիւրին մասին ճշմարտութիւնը ծածկելը հարցականներու դռներ կը բանայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութեան շրջանը կը յատկանշուի քանդումով եւ համաճարակով: Ան նկատել տուաւ, որ իրանեան մազութին հարցը վերածուած է լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ ուղղակի միջամտութեան:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը շաբաթավերջին գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը համեմատաբար աւելի կայուն իրավիճակ մը մուտք գործելու իմաստով յոյս ներշնչած է երկրին, ինչպէս նաեւ կասեցուցած է քանդումը:

 

Նախորդը

«Ժողովուրդ Մը Իր Նահատակներով Կը Մեծնայ, Կը Հզօրանայ Ու Կը Յաւերժանայ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Ռաատ. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցինք Մեր Ժողովուրդին Վրայ Մեր Ունեցած Մեծ Վստահութեամբ»

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?