Կնոջ եւ երեխայի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ինայա Իզէտտին խորհրդարան ներկայացուց ընտրական օրէնքի բարեփոխման առաջարկ մը, որ կը վերաբերի խորհրդարանին մէջ կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինին:
Իզէտտինի ներկայացուցած առաջարկին հիման վրայ կը նախատեսուի կիներուն իբրեւ մասնաբաժին յատկացնել 26 աթոռ խորհրդարանին մէջ:
Իզէտտին հաստատեց, որ ընկերային արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու սկզբունքներէն մեկնելով կատարած է այդ առաջարկը, որովհետեւ լիբանանցի կինը Լիբանանի բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու իմաստով իսկական գործընկեր է:
Ան շեշտեց, որ քաղաքական որոշումին մաս կազմելու իմաստով լիբանանցի կնոջ իրաւունքը պէտք է երաշխաւորուի: