Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 24, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 602 վարակուածներ եւ մահացած 7 ուրիշներ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ յայտնեց, որ հանրախանութներու եւ սննդեղէն ներածողներու հետ հանդիպումներ կ՛ունենայ` ճշդելու համար նոր սակերը: Սալամ հաստատեց, որ մէկ տոլարի դիմաց 15.000 լ. ոսկիի հիման վրայ պիտի ճշդուին նոր սակերը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Տարուիշ յայտնեց, որ մօտիկ ապագային արաբական աշխարհը Լիբանանի համար ամուր նեցուկ մը պիտի դառնայ, ներառեալ Սէուտական Արաբիան:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր ընդգծեց ապօրինի կերպով օդը կրակելու օրէնքը փոփոխութեան ենթարկելու եւ անոր գործադրութիւնը աւելի ազդու դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ Թայմուր Ժոմպլաթ եւ պլոքին անդամները խորհրդարանին ներկայացուցին օրինագիծ մը, որուն համաձայն կ՛առաջարկուի բարեփոխել երկրին սահմանադրութիւնը` քուէարկութեան մասնակցութեան իրաւունք շնորհելու 18 տարիքը ամբողջացուցած երիտասարդներուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախանցեալ գիշեր ձերբակալած են երկու սուտանցիներ, որոնք կը փորձէին ապօրինի կերպով Իսրայէլ անցնիլ: Այլ հաղորդագրութեամբ մը, բանակը հաղորդեց նաեւ, որ իսրայէլեան օդանաւեր թռիչքներ գործած են Լիբանանի, յատկապէս արեւմտեան Տամուրի, ինչպէս նաեւ Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն վրայ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Փարիզ այցելութեան արդիւնքները շատ արագ պիտի դրսեւորուին, յատկապէս ելեկտրականութեան մարզին մէջ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, հանրօգուտ շինութեանց նախարարութիւնը արդէն իսկ սկսած է պատրաստել Պէյրութի նաւահանգիստը վերակառուցելու ուսումնասիրութիւններ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ կարճ այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Թուրքիա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ թուրք պատասխանատուներու եւ զինուորականներու հետ` քննարկելու համար երկու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը: Կը նախատեսուի, որ զօր. Աուն Թուրքիոյ պետութենէն գումակային օժանդակութիւն պահանջէ` լիբանանեան բանակին համար:

Յաւելեալ կարեւորութիւն ներկայացնող նմանօրինակ այցելութեամբ մը` զօր. Աուն այս ամսուան աւարտին պիտի ուղղուի Ուաշինկթըն:

 

Նախորդը

Դարձեալ Նոյն Խորագիրով` «Ժողովուրդին Վստահութիւնը` Խորհրդարանի Վստահութենէն Առաջ»

Յաջորդը

Պայրամ. «Կը Փորձենք Արագօրէն Աշխատիլ` Բարելաւելու Համար Սեփական Մարզին Աշխատավարձը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?