Հակառակ ոմանց կողմէ դրուած գրաւին, թէ վառելանիւթին տրամադրուած պետական նպաստին ջնջուելէն ետք պենզինի եւ մազութի տագնապները պիտի լուծուին, այդ տագնապները չեն լուծուած եւ կը յամենան:
Մազութի տագնապը շատ աւելի սուր բնոյթ ստացած է` մութի մատնելով Լիբանանը:
Մութի մատնուելու եւ ելեկտրականութիւն չունենալու շրջագիծին մէջ երէկ յետմիջօրէին ալրաղացներու համախմբումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ վեց ալրաղացներ անցեալ շաբթուընէ արդէն իսկ կասեցուցած են իրենց աշխատանքը` մազութ չստանալու պատճառով, եւ կը նախատեսուէր, որ երէկ մնացեալ ալրաղացները կասեցնէին իրենց աշխատանքը:
Այս կը նշանակէ նաեւ յաւելեալ տագնապի մը` հացի տագնապին դէմ յանդիման գտնուիլ:
Նշենք, որ ուժանիւթի նախարարութեան
հրապարակած վառելանիւթի նոր
սակացոյցին համաձայն, 98 օքթան պենզինի
թիթեղին սակը վերածուեցաւ 209.300 լ. ոսկիի, 95 օքթան պենզինը` 202.400 լ. ոսկիի, իսկ պիւթակազին շիշին սակը դարձաւ 131.200 լ. ոսկի` ընկերութենէն, իսկ 139.700 լ. ոսկի` վաճառատուներէն:
Նախարարութեան կողմէ վառելանիւթի սակը ճշդուած է մէկ տոլարի դիմաց 14.000 լ. ոսկիի սակին համաձայն:
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ խստիւ քննադատեց եւ մերժեց կարգ մը կայարաններու վարուելակերպը, այլ խօսքով` ճշդուած նոր սակին հիման վրայ պենզին վաճառելու զլացումը:
Ան խստիւ դատապարտեց պենզինի վաճառքին համար ստեղծուած սեւ շուկայի դրութիւնը:
«Կայարաններուն կողմէ իրենց մեքենաներուն հաշուիչները պենզինի նոր սակին համեմատ լարելու աշխատանքը յարգելով հանդերձ, կը հաստատեմ, որ այս որոշումը կայարաններուն համար անակնկալ չէր, հետեւաբար պէտք է խնայել քաղաքացիները, որոնք հերթերու կանգնած են` ստանալու համար կենսական այս նիւթը», շեշտեց Ֆայեատ եւ զգուշացուց կայարանները քաղաքացիներուն շահերը հարուածող այս վարուելակերպը շարունակելէ:
Ան ընդգծեց, որ ինք պիտի չվարանի կայարաններուն դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելէ, նոյնիսկ անոնց արտօնագիրները խլելէ:
Յայտնենք, որ Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումը ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը եւ հաստատեց Լիբանանի ու լիբանանցիներուն զօրակցելու իր պատրաստակամութիւնը:
Խմբաւորումը ողջունեց Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան տրուած վստահութեան քուէն եւ կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն արագ շարժելու` մեղմացնելու համար լիբանանցիներուն տնտեսական եւ ընկերային բեռը, պատրաստուելու թափանցիկ եւ պարկեշտ երեսփոխանական ընտրութիւններու, ինչպէս նաեւ բարեկարգումները գործադրելու:
Նշենք, որ Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումին մաս կը կազմեն Չինաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ռուսիոյ, Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ը, Եւրոպական Միութիւնն ու Արաբական լիկան:
Աուն Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց
Լիբանանեան Իրադարձութիւնները
Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ խորհրդարանի վստահութեան քուէն ստանալէ ետք, կառավարութիւնը պիտի սկսի բանակցիլ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ` տնտեսական ներկայ պայմաններուն լուծումներ գտնելու նպատակով:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ այդ բանակցութիւններուն զուգահեռ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի լուծելու ելեկտրականութեան թղթածրարը, ինչպէս նաեւ վերակառուցելու Պէյրութի նաւահանգիստը:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին համաձայն, այսինքն` 8 մայիս 2022-ին, ժողովրդավարական եւ թափանցիկ մթնոլորտի մէջ: Ան ողջունեց որեւէ օժանդակութիւն, որ ՄԱԿ-ի կողմէ կարելի կ՛ըլլայ հայթայթել Լիբանանին` ժողովրդավարական երեսփոխանական ընտրութիւններ կայացնելու նպատակով:
Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան` ընդգծելով, որ Իսրայէլի կողմէ նաւթահորերու պեղման ամերիկեան ընկերութեան մը հետ ստորագրուած համաձայնութիւնը` թիւ 9 նաւթահորին մէջ պեղումներ կատարելու, պէտք է անմիջապէս կասեցուի, նկատի ունենալով, որ այդ նաւթահորը կը գտնուի Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային վիճելի շրջանի մը մէջ, որուն շուրջ անուղղակի բանակցութիւններ կ՛ընթանան:
Նախագահ Աուն ողջունեց ՄԱԿ-ի հետ գործընկերութիւնը` բարեկարգումներու գործադրութեան առումով: Ան հաստատեց, որ իրաւական հաշուեքննութիւնը սկսած է «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան հետ համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք` նկատել տալով, որ անիկա նախ եւ առաջ պիտի ընդգրկէ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները, ապա` նախարարութիւններու, պետական հաստատութիւններու, խորհուրդներու եւ ֆոնտերու հաշիւները:
Նախագահ Աուն Վրոնեցքային յայտնեց, թէ ինք ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին Լիբանանի պաշտօնական խօսքը առցանց պիտի ուղղէ վաղը` ուրբաթ, 24 սեպտեմբերի յետմիջօրէին:
Իր կարգին, Վրոնեցքա շնորհաւորեց նոր կառավարութեան կազմութիւնը` շեշտելով անոր հետ գործակցելու ՄԱԿ-ի պատրաստակամութիւնը:
Նշենք, որ նախանցեալ օր նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Իսրայէլի կողմէ նաւթահորերու պեղման ամերիկեան ընկերութեան մը հետ գոյացած համաձայնութիւնը, որուն հիման վրայ թիւ 9 նաւթահորին մէջ պեղումներ պիտի կատարուին, երբ տակաւին այդ ջուրերուն պատկանելիութիւնը վիճելի կը մնայ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ:
Սերտուեցան այն միջոցները, որոնց պիտի դիմէ Լիբանանը` ՄԱԿ-ի յղած իր բողոքի նամակին կողքին:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ: