Օգոստոս Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 10,25 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրեցին
Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց օգոստոս ամսուան իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ 2021-ի սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին սպառողական ապրանքներու սակերը 10,25 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2021-ի յուլիս ամսուան սակերուն: Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով. - Պէյրութի մէջ` 7,17 առ հարիւր: - Լեռնալիբանանի մէջ` 9,67 առ հարիւր: - Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 12,21 առ...


















