Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 25, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 603 վարակուածներ եւ մահացած 8 ուրիշներ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները: Պըրրիի այցելեց նաեւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպը, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Ապու Հայտարը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ընդունեց երեսփոխաններ Նիքոլա Սահնաուին եւ Յակոբ Թերզեանը, որոնց հետ քննարկեց Պէյրութի բարգաւաճման եւ ծառայութիւններուն վերաբերող հարցեր:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի շնորհաւորութիւնները յայտնեց անոր. քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Պու Հապիպի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքուն, որ անդրադարձաւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քրիսթոտուլիտեսի Լիբանան կատարելիք հաւանական այցելութեան: Պու Հապիպի այցելեց նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ: Քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն վերաբերող հարցեր:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ հատուցման քարտի դրութեան գործադրութիւնը պէտք է լաւ սերտուելէ ետք սկսի, որպէսզի անոր մեկնարկը ճիշդ ըլլայ եւ ծառայէ քաղաքացիի շահերուն:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Մորիս Սլիմ երէկ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աունը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան մակարդակի վրայ բանակին դերակատարութիւնը, յատկապէս այս դժուար պայմաններուն ընթացքին:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ ընդունեց Սայտայի նաւահանգիստի տնօրէն Ռայիֆ Ֆաուազը, որուն հետ քննարկեց նաւահանգիստին պարզած իրավիճակն ու զայն բարգաւաճեցնելու ծրագիրներն ու ռազմավարութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա հաստատեց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ Լիբանանի սեփական մարզին օժանդակութեան:

 

Նախորդը

Սլաք. Նիկոլ… Փաշինիեւ, Սուրէն… Պապիկեարով

Յաջորդը

Պետական Դպրոցներու Ուսուցիչները Կը Մերժեն Դպրոց Վերադառնալ` Մինչեւ Իրենց Բոլոր Պահանջներուն Գոհացումը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.