Պետական դպրոցներուն մէջ պայմանագրութեամբ գործող ուսուցիչները հաստատեցին, որ իրենք կը մերժեն դպրոց վերադառնալ` մինչեւ իրենց բոլոր պահանջներուն գոհացումը:
Ուսուցիչները շեշտեցին, որ իրենք իսկապէս կ՛ուզեն ամսական դրութեամբ ստանալ իրենց աշխատավարձը, իրենց աշխատանքի իւրաքանչիւր ժամուան համապատասխան յաւելում կը պահանջեն` նկատի ունենալով տիրող սղաճը:
Անոնք պահանջեցին փոխադրածախսը 64.000 լ. ոսկիի վերածել` օրական դրութեամբ:
Պահանջուեցաւ նաեւ կրթական տարեշրջանի տեւողութիւնը նկատի ունենան 30 շաբաթ եւ ոչ թէ 18:
Պահանջներէն է նաեւ հիւանդանոցային հոգատարութեան պարագային ձրի բուժում ապահովել անոնց` առողջապահութեան նախարարութեան հաշուոյն, ինչպէս նաեւ առիթ տալ անոնց, որ դրամատուներուն մէջ իրենց ունեցած գումարները կարենան մէկ անգամով ստանալ:
Միւս կողմէ, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապիի հետ իրենց ունեցած հանդիպումին մանրամասնութիւնները:
Երկարատեւ քննարկումներէ ետք Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը հաստատեց, որ ներկայ պայմաններուն մէջ կարելի չէ 2021-2022 կրթական տարեշրջանը սկսիլ:
Խորհուրդը ընդգծեց, որ իր որոշումը նախարարին հետ հարց ունենալ չի նշանակեր, այլ հաստատում է, որ այդ տարեշրջանի կորուստին պատասխանատու է կառավարութիւնը, որ յապաղում կ՛արձանագրէ պահանջներու գործադրութեան առումով:


