Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Այսօր Պիտի Մեկնի Ֆրանսա

September 23, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այսօր աշխատանքային այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Փարիզ:

Կը նախատեսուի, որ վաղը` ուրբաթ, 24 սեպտեմբեր 2021-ին, Միքաթի Էլիզէի մէջ հանդիպում մը ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Ֆրանսա կատարելիք իր այցելութեան նախապատրաստութիւնները:

Վարչապետը նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ տնտեսական ապաքինման ծրագիրը, որ մօտիկ ապագային պիտի յայտարարուի կառավարութեան կողմէ:

Նիստին ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ:

Միքաթի ընդունեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակն ու բանակին կարիքները:

Միքաթի ողջունեց բանակն ու անոր մատուցած զոհողութիւնները եւ առողջութիւն մաղթեց բանակի զինուորներուն, սպաներուն եւ հրամանատարին, որպէսզի շարունակեն պաշտպանել երկրին անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը, այս դժուար պայմաններուն ընթացքին:

«Բանակը փաստեց, որ ինք վեր է քաղաքական բոլոր տարակարծութիւններէն եւ յաւելաբանութիւններէն», հաստատեց վարչապետ Միքաթի` աւելցնելով, որ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն օժանդակութիւնը` տնտեսական եւ ընկերային տագնապները դիմագրաւելու, նորակազմ կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն է:

Վարչապետարանին այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա, Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատտատ, Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի, Չինաստանի դեսպան Չիան Մինճիան եւ Բրիտանիոյ դեսպան Իյըն Քոլըրտ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիէն, որ շնորհաւորեց զայն` նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով, եւ անոր յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները:

 

Նախորդը

Ճորճ Պուչիքեան. «Պէտք Է Կեդրոնանալ Մաքուր Արտադրութեան Եւ Օտար Դրամանիշի Ներածում Ապահովող Արդիւնաբերութեան Վրայ»

Յաջորդը

Յ. Թերզեան. «Աշխատանքային Ծրագիրին Մէջ Դատական Իշխանութեան Անկախութիւնը Ապահովելու Օրէնքն Ու Տնտեսութեան Անիւը Վերստին Շարժելու Ծրագիրները Ո՞ւր Են»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.