Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստին. Բանակը Դատապարտեց Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները
Ռաս Նաքուրայի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի նիստ մը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի եւ ներկայութեամբ իսրայէլեան ուժերու ու լիբանանեան բանակի սպաներու մէկ պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մօտ Լիբանանի կառավարութեան գործակատար գնդապետ-զօրավար Հասիպ Ապտոյի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան սահմանային Կապոյտ գիծին իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ լիբանանեան կողմը դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ...



















