Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը, որուն հետ քննարկեց նախորդ կառավարութեան մէջ անոր ունեցած յաջող փորձառութիւնը` իբրեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար:
Պուչիքեան դրուատեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանի աշխատանքը եւ անոր գործունէութիւնը` նախարարութեան պատասխանատուութիւնները ստանձնելու եւ ընկերային մարզին մէջ մարդասիրական, առողջապահական ու կրթական ծրագիրներուն մակարդակը բարձրացնելու առումով:
Իր կարգին, Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ նախարար Պուչիքեանի դերակատարութիւնը շատ կարեւոր մարզի մը մէջ եւ այս դժուար փուլին ընթացքին շատ որոշադրիչ է` աւելցնելով, որ անիկա հիմնուած է նախարարին փորձառութեան վրայ:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան բարձր գնահատեց նախարար Պուչիքեանի կողմէ դէպի ճարտարարուեստի նոր ձեւերու ուղղուածութիւնը, ինչպէս նաեւ փոքր եւ միջին հաստատութիւններուն զօրակցելու անոր ռազմավարութիւնը: «Ճորճ Պուչիքեան անհրաժեշտ կը նկատէ ճարտարարուեստի մարզին զօրակցելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ երկիրը կարիքը ունի նոր հորիզոններու եւ արդիւնաբերութեան` իր աղբիւրները բազմազան դարձնելու», ըսաւ ան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ճարտարարուեստի մարզի զարգացման վերաբերող միջոցները, որոնցմէ են գործարանատէրերուն հետ համագործակցաբար հասարակութեան պատասխանատուութեան ծրագիրներու գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ քաջալերել գործատէրերը` որդեգրելու այնպիսի կանոններ, որոնց հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ վարժանիստեր կազմակերպել աշխատաւորներուն համար` զանոնք մղելով յաւելեալ աշխուժութեամբ գործելու:
Ճ. Պուչիքեան շեշտեց, որ ճարտարարուեստի մարզը կարիքը ունի տարբեր փորձառութիւններու եւ մասնագէտներու, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ զայն արդիականացնել եւ հասցնել միջազգային չափանիշներու: