Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 14, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 787 վարակուածներ եւ մահացած 12 ուրիշներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 27.450 լ. ոսկիի սահմանը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը: Ֆըրզլի հաստատեց, որ կառավարութեան կողմէ ժողով չգումարելը երկիրը քանդելու երեւոյթներէն մէկն է:

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ խորհուրդը երէկ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին շարունակեց քննարկել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած վիճարկումը` ընտրական օրէնքին վերաբերեալ: Այս շաբթուան ընթացքին խորհուրդին նիստերը կը մնան բաց, եւ կը նախատեսուի, որ այդ իմաստով վճիռը արձակուի շաբաթավերջին:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներուն վերաբերող հարցեր:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան` ընկերակցութեամբ դեսպանատան գործավար Ռիչըրտ Մայքըլի եւ քաղաքական կցորդ Լոկըն Պրուկի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կուսակցութեան յատուկ նիստի մը ընթացքին շեշտեց, որ ամբողջ ներուժը պէտք է ծառայեցնել ի շահ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ֆարես Սուէյտի դատավարութիւնը յետաձգուեցաւ` օգնական դատաւորներու գործադուլին պատճառով: Սուէյտի դէմ յարուցուած դատական հարցը Հըզպալլայի կողմէ էր, իսկ ամբաստանութիւնը համայնքային սադրանքներու եւ քաղաքացիական պատերազմի հրահրումն է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը Լիբանանի համար իրականացուցած իր նուաճումներուն եւ յաղթանակներուն համար բոլորին յարգանքին արժանի է եւ ոչ թէ դաւադրութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ լիբանանեան դրամանիշը նման ձեւով չէր արժեզրկուեր, եթէ քննչական աշխատանքները պէտք եղածին պէս գործադրուէին:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի մարաթոնը պիտի շարունակուի յաջորդ շաբաթներուն ընթացքին` աւելցնելով, որ բոլոր միջոցները ի գործ կը դրուին երկիրը չփակելու համար:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին արմատական լուծումը յետաձգուած է երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք:

 

 

Նախորդը

Ժիրայր Ռէյիսեան Մաս Կազմեց Յունաստանի Մէջ Միջազգային Ուղղափառ Խորհրդարանական Միութեան Սուրիոյ Պատուիրակութեան

Յաջորդը

Ալի. «Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Միջեւ Սահմաններու Վերաբացումը Երկու Ժողովուրդներու Շահերուն Կը Ծառայէ»

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?