Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիւննի Համայնքի Հոգեւորականներու Գերագոյն Խորհուրդը Իր Զօրակցութիւնը Կը Վերահաստատէ Միքաթիի Նկատմամբ

December 13, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները` անհրաժեշտ նկատելով արաբական երկիրներուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդին հետ յարաբերութիւնները պահպանելու Լիբանանի յանձնառութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կայանան իրենց ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ Լիբանան իր զաւակներուն միասնականութեամբ պիտի կարենայ շրջանցել իր դիմագրաւած տագնապը:

Ապա միւֆթի Տըրիան նախագահեց սիւննի համայնքի հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդի նիստը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Միքաթի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, արաբական աշխարհի զարգացումներն ու իսլամական աշխարհը յուզող հարցերը:

Միքաթի ներկայացուց տարբեր մարզերու պարագային կառավարութեան կատարած աշխատանքները:

Խորհուրդը իր մտահոգութիւնը յայտնեց Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան եւ հետզհետէ անոր վատթարացումին մասին:

«Քաղաքացին աղքատացած է, կառավարութիւնը կազմուած է, սակայն ժողովներ չի գումարեր, խորհրդարանը օրէնսդրութիւն կը կատարէ, սակայն օրէնքները գործադրող չկայ, դատական իշխանութիւնները հետաքննութիւն կը կատարեն, սակայն վճիռ չեն արձակեր, լիբանանեան դրամանիշը օրէ օր աւելի եւս կ՛արժեզրկուի, իսկ ժողովուրդին անօթութեան ճիչերը կ՛անտեսուին», կը նշէ գերագոյն խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութիւնը` աւելցնելով, որ ներկայիս տիրող կացութիւնը, որ անիշխանութեան համազօր է, լիբանանեան արտադրութիւն է, եւ անոր հեղինակներն են փտածները:

Սիւննի համայնքի հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդը կոչ ուղղեց իշխանութեան որոշելու ու գործելու եւ իրաւունքները յանձնելու իրաւատէրերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ կասեցնել երիտասարդութեան արտագաղթը:

«Սիւննի համայնքի հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդը կը վերահաստատէ իր զօրակցութիւնը վարչապետ Միքաթիի նկատմամբ եւ յաջողութիւն կը մաղթէ անոր` Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ, ինչպէս նաեւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ բարեկարգումները գործադրելու առումով», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Խորհուրդը հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ նաեւ հետեւեալ հարցը. «Ինչո՞ւ ոմանք կը պնդեն, որ նախագահներն ու նախարարները պէտք է դատավարութեան ենթարկուին Դատական գերագոյն ատեանին կողմէ եւ ոչ Նախագահներու եւ նախարարներու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ, ինչպէս ճշդած է սահմանադրութիւնը»:

Նախորդը

Ապիատ. «Ֆայզըր» Պատուաստումի Մարաթոնը Յաջող Ընթացք Ունեցաւ»

Յաջորդը

Իրաքի Հիմնադրութեան 100-Ամեակին Առիթով. Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Իրաքցի Պատասխանատուներուն Կողմէ Լիբանանին Նաւթ Տրամադրելու Նախաձեռնութիւնը

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.