Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիր Փետերսոն Այցելեց Իշխանութեան Պետերուն Եւ Պետական Այլ Անձնաւորութիւններու

December 14, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ երկրին քաղաքական տագնապը կը յամենայ եւ բարեկարգումներու գործադրութիւնը անկարելի կը թուի ըլլալ, լիբանանեան սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 27.000 լ. ոսկիի սահմանը:

Այս իրականութեան դիմաց բնականաբար սղաճը արձանագրեց նոր վերելք, իսկ առեւտրականները բացայայտօրէն յայտարարեցին, որ սննդեղէնն ու հանրախանութներուն վաճառած ապրանքներուն սակերը արդէն իսկ ճշդուած են 30.000 լ. ոսկիի սակին հիման վրայ:

Միւս կողմէ, միջազգային պատուիրակներ եւ պատասխանատու անձնաւորութիւններ կ՛այցելեն Լիբանան եւ հանդիպումներ կ՛ունենան լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ` քննարկելով տեղական եւ շրջանային հարցեր:

Այս այցելութիւններու շրջագիծին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Կիր Փետերսոնը, որուն յայտնեց, թէ միջազգային ընտանիքը պէտք է դիւրացնէ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ մէջ կարգ մը շրջաններ լրիւ ապահով են, եւ տեղահանուած սուրիացիները կրնան վերադառնալ այդ շրջանները եւ ապրիլ իրենց բնակարաններուն մէջ` միջազգային կազմակերպութիւններուն ճամբով իրենց հասնող օժանդակութիւններուն վստահելու փոխարէն: «Հոս պէտք է նկատի ունենալ նաեւ այն հարցման նշանները, որոնք կը գծուին օժանդակութիւններու բաշխումին եւ այդ օժանդակութիւնները իսկապէս կարիքաւորներուն հասցնելու առնչութեամբ», աւելցուց ան:

Նախագահ Աուն Փետերսոնի հետ քննարկեց նաեւ Լիբանանը յուզող տնտեսական եւ ապրուստի տագնապին մանրամասնութիւնները` նկատել տալով, որ սուրիացի տեղահանուածներուն բեռը եւս աւելցած է լիբանանցիին արդէն իսկ տագնապալի կեանքին վրայ:

Ան հաստատեց, որ երկրին ենթակառոյցը գրեթէ մաշած է` դիտել տալով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ապաքինման ծրագիր մը պատրաստած է եւ պատրաստ է զայն քննարկելու Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ, որպէսզի աւելի ուշ վաւերացուի, եւ քանդուած մարզերուն վերանորոգումը ապահովուի:

Նախագահ Աուն ողջունեց Փետերսոնի ի գործ դրած ջանքերը` Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելու նպատակով:

Իր կարգին, Փետերսոն յայտնեց, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է նախանցեալ օր սուրիացի պատասխանատուներուն հետ իր կատարած խորհրդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները: Ան շեշտեց, որ այդ խորհրդակցութիւններուն նպատակն է երաշխիքներ գտնել` Սուրիոյ տագնապը լուծելու:

Փետերսոն յայտնեց, որ ՄԱԿ եւ միջազգային ընտանիքը բարձր կը գնահատեն լիբանանեան պետութեան կողմէ սուրիացի տեղահանուածներուն ցուցաբերուած հոգատարութիւնը` հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ծանր պայմաններուն:

«ՄԱԿ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ յարմար ելքեր գտնելու, որպէսզի սուրիացի տեղահանուածները վերադառնան Սուրիա, եւ այս թղթածրարը կը նկատէ Ժընեւի մէջ կատարելիք իր քննարկումներուն  առաջնահերթութիւնը», ըսաւ Փետերսոն:

Փետերսոն այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Հանդիպումէն ետք Փետերսոն մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Վարչապետարանին մէջ, Փետերսոն ընդունուեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ:

Քննարկուեցան Սուրիոյ տագնապին լուծման վերաբերող միջազգային խորհրդակցութիւններուն մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարը:

Փետերսոն այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին զարգացումները:

Միջազգային պատուիրակը այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու համապատասխան միջոցները:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Կառավարութեան Ժողով Գումարելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Ազրպէյճան Դէպի Ստեփանակերտ Երկաթուղի Կառուցելու Ծրագիրներու Մասին Յայտարարած Է

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.